Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:

Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպան Քոչարեանին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութեան, վերջերս Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն առնչուած հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )