«Այս Տարեշրջանին Արձակուրդս Պիտի Ամբողջացնեմ» Կ՛ըսէ Կուարտիոլա

Մէջբերելով Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի կատարած յայտարարութիւնը` Football-Italia կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ ան այս տարեշրջանին որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու նպատակ չունի, որովհետեւ մտադրած է իր արձակուրդը շարունակել:

Ըստ իտալական մամուլին, վերջերս կը խօսուէր, որ ան շատ հաւանաբար ստանձնէ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը, որովհետեւ ակումբին պատասխանատուները յայտնապէս բաւական դժգոհ են Մասիմիլիանօ Ալլեկրինիէն:

«Ա. Սէ. Միլանի մարզի՞չ: Այո՛, շատ հաւանաբար, բայց ոչ` այս տարեշրջանին: Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը չեմ ուզեր ստանձնել որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօն: Նոյնիսկ չեմ ալ գիտեր, թէ ե՛րբ կը վերադառնամ մարզիչի ասպարէզս շարունակելու: Ես պէտք է զգամ, որ ժամանակը հասած է վերադարձիս», կ՛ըսէ Կուարտիոլա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )