2014-Ի Մոնտիալ. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Իրաւարարները` Խրուաթիայէն
Իր լուրը քաղելով Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան – Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Խրուաթիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Մարիօ Սթրախոնիա:
Այժմ Բ. խմբակին մաս կազմող Իտալիա չորս կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Հայաստան երեք կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Երեւան կը ժամանէ 10 հոկտեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

