Ժիւտօ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Գարիկ Յարութիւնեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, վանաձորցի Գարիկ Յարութիւնեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեանէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Յարութիւնեան արձանագրեց չորս յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը:
Ան իր չորս յաղթանակներէն երկուքը արձանագրեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցներուն` Ռասիմ Ալմամետովի եւ Մեհման Սահիտովի դէմ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչները` Գէորգ Թորոսեան (66 քկ), Արսէն Ղազարեան եւ Արսէն Թովմասեան (60 քկ), չկարենալով այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել, կանուխ հրաժեշտ տուին իրենց մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

