Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Չունենայ Լիբանանի Մէջ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ նամակ մը ստացած է Արաբական փինկ փոնկի ֆետերասիոնէն, որուն մէջ կը նշուի, որ Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ Լիբանանի մէջ` տիրող անապահով կացութեան պատճառով:
Քուէյթի մէջ 19 սեպտեմբերին Արաբական փինկ փոնկի ֆետերասիոնին գումարած ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ այդ ախոյեանութիւնը այլ երկրի մը մէջ կայացնել: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ նախապատուութիւնը տրուեցաւ Լիբանանի, եթէ անիկա կ՛ուզէ յառաջիկայ տարի ըլլալ հիւրընկալ երկիրը:
Նշենք, որ Քուէյթի մէջ գումարուած այդ ժողովին ներկայ էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին:
CATEGORIES Մարզական

