Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Էվըրթըն Դուրս Մնացին

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ, որոնց ընթացքին պարտութիւններ կրելով Մանչեսթըր Սիթի, Էվըրթըն եւ ուրիշներ դուրս մնացին մրցաշարքէն:

Անգլիոյ ախոյեան Սիթի երկարաձգման ընթացքին 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ասթոն Վիլայէն:

Այս մրցումին Սիթի դաշտ ներկայացած էր ամբողջութեամբ տարբեր կազմով մը, քան ինչ որ ներկայացած էր նախորդ շաբաթավերջին Արսենալի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (1-1):

Իր կարգին, մրցաշարքէն դուրս մնաց Էվըրթըն` 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Բ. դասակարգի կազմերէն Լիծէն:

Չելսի մեծ քայլերով ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վուլվզը (Բ. դասակարգ):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )