Ռոպերթ Արզումանեանի Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Կոլը
Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Էներկայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամքարինը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կեդրոնի միջնապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որ իր առաջին մրցումը կատարեց Էներկայի հետ, յաջողեցաւ նշանակել իր առաջին կոլը (գլուխով) ռուսական կազմին հետ, կը յայտնէ PanArmenian.Net:
Բ. կիսախաղին հիւր կազմը արդիւնքը հաւասարեցնելով պատճառ դարձաւ, որ մրցումը երկարաձգուի:
Սակայն Էներկա 104-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով եւ ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական