Անխախտելի Երդումը
ՇԱՆԹ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Առաջին անգամը չէր, որ պիտի գտնուէի Հայաստան ու Արցախ, սակայն այս անգամ ճամբորդութիւնը տարբեր բնոյթ ունէր, որովհետեւ կը գործուղուէի Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ` կատարելու համար պարտականութիւն մը, եւ այս մէկը բնականաբար ունէր իր իւրայատուկ նշանակութիւնը: Ստեփանակերտն ու Շուշին տեսնելը շատ հաճելի է ու տպաւորիչ, սակայն 3 շաբաթ ապրիլ գիւղի մը մէջ ուր «Ո՛չ ծափ կայ, ո՛չ ոսկի», ուր գիւղացիները կ՛ապրին դժուար պայմաններու մէջ, ուր չկան բնական կեանքի շատ մը հնարաւորութիւններ, իսկապէս որ տարբեր է: Տարբեր է այն առումով, որ այդտեղ կրնանք տեսնել Արցախի գիւղական կեանքը` իր դրական ու ժխտական կողմերով, ծանօթանալ այն ընտանիքներուն, որոնք կ՛ապրին սահմանային գիւղերու մէջ եւ ուղղակիօրէն հաղորդակցիլ անոնց երեխաներուն հետ` իրենց հետ անցընելով երեք շաբաթներ: Ահա այս է Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» յանձնախումբին կազմակերպած գործուղումի իւրայատկութիւններէն մէկը` իւրաքանչիւր գործուղուող դաշնակցական երիտասարդի համար:
Այս տարի, անցեալ տարուան նման, գործուղումը կատարուեցաւ Կովսական գիւղի (Արցախի հարաւը) «Թաթուլ Կրպէեան» դպրոցին մէջ, ուր Կովսականի եւ շրջակայ գիւղերէն երեխաներ (4-17 տարեկան) կու գային մասնակցելու համար «Քաշաթաղը իմ տունն է. 2012» գործուղումին: Ուղղակի փորձառութիւն մըն էր այդ պատանիներուն հետ երեք շաբաթ աշխատիլը. կան այնպիսի անմոռանալի յիշատակներ, որոնք միշտ պիտի մնան իմ յիշողութեանս մէջ: Քաշաթաղի պատանիները բախտը ունին հայրենիքի հողին վրայ ապրելու, պանդխտութենէ եւ օտարութենէ հեռու, սակայն չունին պատանիի տարիքի յատուկ զբաղումներու միջոցներ եւ դիւրութիւններ, սահմանափակուած են իրենց նիւթական կարելիութիւններով, եւ փոքր տարիքէն արդէն իսկ կը կրեն դառն կեանքի մտահոգութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Երբ 10 տարեկան պատանիի մը առօրեան կազմուած է արտը հերկելու եւ անասնաբուծութեան աշխատանքներով, ան առիթը չունի ծանօթանալու նոր մարզերու եւ իր մտածողութեան ու երեւակայութեան հորիզոնները ընդլայնելու, իր ապագային մասին երազելու եւ զայն գծելու համար:
Արթուր անունով պատանի մը ներկայացաւ գործուղումի առաջին օրը, ու ապա բաւական բացակայութիւն արձանագրեց: Գործուղումի 10-րդ օրը Արթուր վերադարձաւ դպրոց. բոլորս հետաքրքրուած էինք գիտնալու համար, թէ ինչո՞ւ այդ լուռ ու կիրթ պատանին այսքան բացակայած էր: Արթուր քիչ մի ամչնալով պատասխանեց «Շոր (հագուստ) չունէի հագուելու համար»: Այս պատասխանը բնականաբար պահ մը բոլորս յուզեց եւ ապացոյց մըն էր այդ պատանիներուն դիմագրաւած նիւթական դժուար պայմաններուն: Արթուրին եւ անոր հասակակից պատանիներուն ընտանիքները մօտիկ անցեալին հաստատուած են Քաշաթաղ` յուսալով, որ իրենց կեանքի պայմանները որոշ չափով կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել: Միշտ չէ, որ այդ փորձը յաջող դուրս եկած է. ոմանք յուսալքուելով` ձգած են շրջանը, իսկ ուրիշներ տակաւին կը պայքարին այդ հողին վրայ` թէ՛ իրենց ընտանիքներուն եւ թէ՛ շրջանին իրավիճակը բարելաւելու նպատակով:
Այս ծիրին մէջ նորութիւն չէ թերեւս խօսիլ այդտեղ հաստատուած սուրիահայ Տօնապետեան ընտանիքին մասին, որոնք արդէն իսկ ոչ միայն համակերպած են գիւղական կեանքին, այլ նաեւ լծուած են լուրջ գործի (ցորեն ցանել ու հնձել), անոնք կ՛աշխատին անդադար եւ նոյնիսկ օրինակ դարձած են շատ մը գիւղացիներու: Անոնք լաւապէս մշակած են իրենց բաժին ինկած հողերը եւ իրենց աշխատանքով ու կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակեն Արցախի ու Հայաստանի տնտեսութեան` ապահովելով հսկայ քանակով ցորեն: Անոնք պէտք է որ օրինակ հանդիսանան մեր բոլորին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն Արցախ հաստատուելու մասին:
Կ՛ուզեմ փակել յօդուածը դէպքով մը, որ զիս շատ տպաւորած է. գործուղումի վերջին օրը տարիքով մեծ պատանիներու «Գարեգին Նժդեհ» խումբի պատմութեան դասապահն էր: Իբրեւ եզրափակում` միասնաբար հաստատեցինք, թէ հայոց պատմութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան լաւապէս ծանօթ ըլլալը էական է: Պատանիներուն փոխանցեցի, թէ մենք` իբրեւ հայեր եւ դաշնակցականներ, չենք ուզեր, որ վերստին պատերազմ ծագի այդ հողերուն վրայ, բայց եթէ այդպիսի բան մը պատահի, պէտք է զէնք վերցնել ու պաշտպանել այդ հողերը ամէն գնով: Պատանիներէն մէկը բարձր ձայնով ըսաւ.
«Ընկե՛ր, ես երդում եմ տալիս ՀՅԴ-ի դրօշին տակ, որ եթէ պատերազմ սկսի, ես պիտի կռուեմ մինչեւ մահ»: Կարծէք թէ պատանին պատասխան կը սպասէր: Աչքերս ուղղակի արցունքով լեցուեցան, նայեցայ անոր դէմքին եւ ըսի. «Եթէ պատերազմ սկսի եւ դուն զէնք բռնած` քու չորս կողմդ նայիս, անպայման որ պիտի տեսնես ՀՅ Դաշնակցութեան կարմիր դրօշը»: Պահ մը լռութիւն տիրեց դասարանին մէջ, կարծէք բոլորս զգացինք, թէ որքան լուրջ էին պատանի Արթուրին երդումն ու դրօշին հմայքն ու զօրութիւնը:
Այսօր, երբ կը մտածեմ այդ պահին մասին, ի՞նչպէս կարելի է խախտել այդ պահուն իմ տուած երդումին խորհուրդը, պատասխանը յստակ է. երբե՛ք խախտել: Պէտք է մնալ երդումին վրայ, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան պայմաններու մէջ պէտք է անընդհատ պայքարիլ Քաշաթաղի համար, Արցախի համար, հայրենի հողի համար… հող մը, որմէ թէեւ հեռու եմ, բայց որ տակաւին մաս կը կազմէ իմ առօրեայիս եւ կեանքիս:
Ահա այս էր Զաւարեան ուսանողական միութեան «Քաշաթաղը իմ տունն Է. 2012» գործուղումին ազդեցութիւնը իմ վրայ…:

