«Իրանի Առջեւ Կարմիր Գիծեր Ճշդելու Համար Իսրայէլի Եւ Ամերիկայի Միջեւ Հանդիպումներ Տեղի Կ՛ունենան» Կ՛ըսէ Այալոն
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտնեց, որ «Իրանի առջեւ անոր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ կարմիր գիծեր ճշդելու համար Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան»` նշելով, որ «երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումները լաւ կ՛ընթանան եւ անոնց (կեցուածքներուն. «Ա.») միջեւ գտնուող բացերը սկսած են նեղնալ»:
Այալոն այն կարծիքը յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բեմէն կատարած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Թեհրանի պիտի չարտօնեն հիւլէական զէնք զարգացնել, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, հակառակ Օպամայի Թեհրանի առջեւ կարմիր գիծեր դնելու քայլին չդիմելուն»:
CATEGORIES Միջազգային


