Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ կրօնները վարկաբեկելու դէմ օրէնք մը մշակելու պահանջը միայն լիբանանեան չէ, այլեւ` բոլորին պահանջն է:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդմէջէն Սուրիոյ տագնապը Լիբանանի մէջ եւս տարածելու Իրանի փորձերը մերժելի են:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հաշուետուութեան կանչելու այն անհատները, որոնք կ՛աշխատին ձախողեցնել համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքը: Ան հաստատեց նաեւ, որ զօր. Միշել Աունի դէմ գործուած մահափորձին ճշմարտութիւնը յստակ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելը մերժելի է եւ անհաւանական: Ան հաստատեց, որ պէտք է յանգիլ ընտրական յստակ օրէնքի մը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Արեւմուտքը մտահոգ է Սուրիոյ պատերազմին դէպի Լիբանան ընդլայնելու հաւանականութեամբ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ համաձայնութիւն յայտնած են ընտրական որեւէ օրինագիծի շուրջ, զոր կարելի է որդեգրել քրիստոնեաներուն կողմէ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ Ազգային պայքարի ճակատը քուէարկէ ի նպաստ ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու կը բաժնէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծը քրիստոնեաներուն քուէներով 59 քրիստոնեայ երեսփոխանի ընտրութիւն կրնայ ապահովել:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Լախտար Իպրահիմի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Միլակրոս Հեռնանտոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքին մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, շատ հաւանաբար զօր. Իպրահիմ Թուրքիա այցելէ` շարունակելու համար առեւանգուածներու թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են մինչեւ տարեվերջ հինգ նահանգապետեր նշանակելու նպատակով: Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային Թուրքիա պիտի չուղղուի` աւելցնելով սակայն, որ մնացեալ լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական բանակը երէկ մուտք գործած է Մաշարիհ Քաահ եւ հրկիզած Մոհամետ Աքիլ Ռատիի բնակարանը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնելու` աւելցնելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն կառավարութեան օրինագիծը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ ինք կը վախնայ Հըզպալլայի զինեալ ուժին զօրութենէն, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար վախի աղբիւր է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հաղորդակցութեան ցանցերուն ընդմէջէն կոչ ուղղուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ, 29 սեպտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ նստացոյց մը կատարելու` բողոքելու համար «Ֆաթիհ 1453» թրքական ժապաւէնին դէմ, նկատի ունենալով, որ ժապաւէնը յոյներու քրիստոնէական մշակոյթը կը վարկաբեկէ, պատմութիւնը կը նենգափոխէ եւ սրբութիւնները կը հարուածէ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի անհաւանական կը նկատէ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Հաժժար կը շեշտէ, որ Հըզպալլա կը փափաքի Իքլիմ Խարրուպի տիրել Սաատիյէթի դարպասին ընդմէջէն:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը ազատ արձակեց հազարապետ Ուիսամ Ապտել Խալեքը, որ ամբաստանուած է դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգելու յանցանքով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան անցագիրները կենսաչափական անցագիրներու վերածելու կարելիութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծի մը մշակումը տակաւին ընթացքի մէջ է: Ան նշեց, որ այս իմաստով վերջնական ոչինչ գոյութիւն ունի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 100 լ. ոսկիով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութիւնը կը փափաքի Շուֆը երկու ընտրաշրջաններու բաժնել եւ ոչ թէ երեքի:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մահափորձը բեմականացում մըն է` Ժեզզինի մէջ անոր կրած ձախողութենէն ետք:
«ՔՐԻՍՉԸՆ Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան կրնայ վերածուիլ սուրիական կռուի մէկ ճակատին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ երեսփոխան Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը չէ կրցած անոնց կեցուածքներուն միջեւ մերձեցում մը յառաջացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենց դաշնակիցները գոհացնող օրէնքը կը գոհացնէ նաեւ զիրենք` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ հանդիպումը «մէկ քայլ դէպի առաջ» կը նկատուի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ նշեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կ՛ողջունէ նախկին նախարար Զիատ Պարուտի թեկնածութիւնը Ազգային ազատ հոսանքի ընտրացանկերուն վրայ, եթէ Պարուտ վերջնական որոշում տայ` յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Նաամաթ Աֆրամ իբրեւ անկախ թեկնածու պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Քեսրուանի մէջ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշել Աունի սպանութենէն կրնան օգտուիլ միայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:

