Զօր. Աուն Ընդունեց Իրանի Դեսպանը Եւ Ֆըրզլին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ զօր. Աունին շնորհաւորութիւն յայտնեց` մահափորձէ մը փրկուելուն առիթով:
Ապատի նշեց, որ այս հանգրուանին զօր. Աունը թիրախ դարձնելը հարցականներ կը ստեղծէ:
Ապատի յայտնեց նաեւ, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջերս իսլամական կրօնը վարկաբեկող ժապաւէնին նկատմամբ հակազդեցութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Ապատի նշեց, որ իրեն համար զարմանալի է, թէ ինչո՛ւ այդ ժապաւէնին հարցը բռնկեցաւ պապին Լիբանան կատարած այցելութեան զուգահեռ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Ապատի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը անկարելի է զինուորական գործողութեամբ լուծել:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի շեշտեց, որ ազգային առումով 1960-ի ընտրական օրէնքը մերժելի է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական կարգ մը կողմեր, որոնք կը փափաքին վերստին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Ֆըրզլի ընդգծեց, որ զօր. Աուն յանձնառու կը մնայ Պքերքէի յանձնախումբին գոյացուցած համաձայնութեան:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի ազգային կուսակցութիւններու հանդիպումը, որ նկատել տուաւ, թէ զօր. Աունը թիրախ դարձնել կը նշանակէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ դարձնել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քեսրուանի նախկին երկու երեսփոխաններ Մանսուր Պոն, Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ, առանց իրարու հետ համադրելու, իւրաքանչիւրը անձնական նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր շնորհաւորած է մահափորձէ մը փրկուելուն առիթով: