Սապունճեան Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Նախարար Սապունճեան եւ դեսպան Մաւրոմաթիս

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան առեւտրական կցորդ Կարապետ Ճիկերճեանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները` նկատի ունենալով, որ Խրիսթոֆիասի պիտի ընկերակցի Կիպրոսի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նիքոլիս Սիլիքիոթիսը:

Կը նախատեսուի, որ Կիպրոսի նախագահին կատարելիք այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան եւ կիպրացի իր պաշտօնակիցը ստորագրեն փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը` ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

Նախարար Սապունճեան առաջարկեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային արագ եւ կարճ պտոյտներու ծրագիր մը մշակել` քաջալերելու համար երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )