Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Համաձայնեցան Ընտրական Օրէնքի Մը Վաւերացման Ժամկէտ Մը Ճշդել
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկու օրինագիծեր` կառավարութեան կողմէ խորհրդարան ղրկուած ընտրական օրինագիծը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան հիման վրայ եւ Լիբանանը կը բաժնէ 13 ընտրաշրջանի, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու քրիստոնեաներուն կողմէ նախանցեալ երեկոյեան վաւերացուած նոր օրինագիծ մը, որ Լիբանանը կը բաժնէ 50 ընտրաշրջանի:
Բայց եւ այնպէս քննարկուեցան նաեւ շարք մը այլ տարակարծութիւն պատճառող հարցեր, որոնցմէ գլխաւորը դարձաւ Դիմադրութեան զէնքին հարցը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ոմանք, յատկապէս Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, Դիմադրութեան զէնքին քննարկումը լուսարձակի տակ առած են` ընտրական օրէնքի նիւթէն շեղելու նպատակով:
Նիստին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 60 երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին խորհրդարանի երեսփոխանական բոլոր պլոքները, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:
Դժբախտաբար նիստին ընթացքին ընտրական օրինագիծին քննարկումը շարունակելու եւ կառավարութեան վաւերացուցած օրինագիծին մասին Շարպելի ներկայացումը լսելու փոխարէն հրահրուեցան այն թղթածրարներ, որոնց շուրջ տարակարծութիւններ կան, հետեւաբար խորհրդարանին մէջ արձանագրուեցան սուր բանավէճեր:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կ՛ուզեն դնել երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու, սակայն ոչ ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան առաջարկեց յստակ ժամկէտ մը ճշդել` ներկայացնելու ընտրական օրինագիծերը եւ ապա զանոնք քուէարկութեան ենթարկելու:
Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ պէտք է մինչեւ դեկտեմբեր վերջնական որոշում մը տալ ընտրական օրէնքին իմաստով:
Նախարար Շարպել իր կարգին շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու համար ընտրական օրէնքը պէտք է խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ըլլայ մինչեւ տարեվերջ, որպէսզի 1 յունուար 2013-ին ներքին գործոց նախարարութիւնը սկսի ընտրութիւնները կազմակերպելու իր աշխատանքներուն:
Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին վերապահութիւն յայտնեց 50 ընտրաշրջաններու օրինագիծին գծով:
Նիստին աւարտին Մքարի յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու երկու այլ նիստեր գումարել` քննարկելու համար ընտրական օրինագիծերը, աւելցնելով, որ կարելի չէ խորհրդարանը ժամկէտի մը յանձնառու ըլլալու պարտադրանքին տակ դնել:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը շաբաթը երկու անգամ նիստեր պիտի գումարեն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երեքշաբթի պիտի գումարեն նիստ մը:


