Զիտանի Եւ Մաթերացիի Արձանը` Փարիզի Փոմփիտու Թանգարանին Դիմաց
2006-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը` Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, այդքան ալ լաւ յիշատակ մը չձգեց աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ` նկատի ունենալով, որ ֆրանսացի Զինետին Զիտան գլխու ուժգին զօրաւոր հարուած մը տուաւ իտալացի Մարքօ Մաթերացիի կուրծքին:
Երբ հարցուեցաւ Զիտանի, թէ ինչո՞ւ կատարեց այդ մէկը, ան ըսաւ, որ իտալացին հայհոյած էր իր ընտանիքի անդամներուն:
Այս դէպքը, որ այդ օրերուն բաւական աղմուկ բարձրացուց, այժմ դարձեալ իջած է հրապարակ:
Արդարեւ, ալճերիացի արուեստագէտ մը` Ատել Ապտել Սամատ, շինած է հինգ մեթր երկարութիւն ունեցող պրոնզէ արձան մը, ուր Զիտան Մաթերացիի կու տայ իր այդ գլխու զօրաւոր հարուածը:
Այդ արձանը այժմ զետեղուած է Փարիզի Փոմփիտու թանգարանին դիմաց, ուր պիտի մնայ մինչեւ 7 յունուար 2013:
Նշենք, որ այդ մրցումը Զիտանի համար եղաւ վերջինը, որմէ ետք ան լքեց ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը:

