Հայ Լեռնագնացները Պիտի Բարձրանան 8000 Մեթր Բարձրութիւն Ունեցող Անապուրնա Լեռը

PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 5 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր, հայ լեռնագնացներու խումբը պիտի մասնակցի փառատօնի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հիմալայան լեռներուն մէջ:

Եօթը անձերէ բաղկացած հայկական խումբը, որուն մաս կը կազմեն չորս աղջիկներ, առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցի այս փառատօնին, որուն իւրաքանչիւր տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 18 հազար լեռնագնացներ: Հայկական խումբին մէջ, բացի հայ մասնակցողներէն, պիտի ըլլան նաեւ երեք ռուս լեռնագնացներ:

PanArmenian.Net կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այս առիթով, Armenian Extreme Club-ի նախագահ Գոռ Յովհաննիսեան կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Կազմակերպիչներէն հրաւէր ստացանք եւ որոշեցինք անպայման մեկնիլ: Պիտի բարձրանանք Անապուրնա լեռը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 8000 մեթրի: Սկիզբը պիտի բարձրանանք 6500 մեթր, եւ եթէ կլիմայական պայմանները ներեն, պիտի շարունակենք մագլցիլ: Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի լեռները նման են Հիմալայան լեռնաշղթային, կը կարծեմ, որ այդ պատճառով դժուարութիւններ չենք ունենար: Մեր առաջնահերթ նպատակն է տեսնել եւ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կը կազմակերպեն նմանօրինակ միջոցառումներ: Մեր երկիրը հիանալի լեռներ ունի, ուր կրնանք լեռնագնացութիւններ կազմակերպել: Բայց, սորվելիք շատ բաներ ունինք տակաւին»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )