«Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Ամբողջական Պատասխանատուութիւն Կը Կրեն Լիբանանը Սուրիոյ Տագնապին Միջամուխ Դարձնելու Առումով» Հաստատեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի երեսփոխանական արդար ընտրութիւններու, որոնք լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն, կուսակցութիւններուն ու համայնքներուն իրաւունքը կը պաշտպանեն:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական արդի օրէնք մը կրնայ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, «մինչդեռ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը խորացնէ համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւնը»:
Միւս կողմէ, շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին պատճառով, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրեն Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնելու առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

