Զօր. Աուն Ընդունեց Տաուքը Եւ Քասսարը

Զօր. Աուն կը դիմաւորէ Տաուքը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Տաուք յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է նաեւ տեղեկատուական մարզին եւ նախարարութեան պատասխանատուութիւնը նկատուող տեղեկատուական բոլոր միջոցներուն վերաբերող հարցեր:

Տաուք շեշտեց, որ պետական նշանակումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը մեծ է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զանոնք կատարել` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը: Այս ծիրին մէջ, Տաուք մաղթեց, որ նշանակումներուն մէջ ըլլան նաեւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի վարչութեան նշանակումները:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ յայտնեց, թէ ինք գլխաւորելով Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը զօր. Աունին այցելած է զայն շնորհաւորելու` անոր դէմ գործուած մահափորձին ձախողութեան համար:

Քասսար աւելցուց նաեւ, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն կատարուելիք աշխատավարձի յաւելման հարցը` ընդգծելով, որ այդ յաւելումը վաւերացուած է առանց զայն լաւ սերտելու: «Այդ յաւելումները կատարելու համար պէտք է անպայման ֆինանսաւորումի աղբիւրներ ճշդել եւ ոչ թէ 4 միլիոն լիբանանցիներուն վրայ տուրքեր պարտադրել: Աշխատավարձերուն յաւելումները կատարելու պարագային լիբանանեան պետութեան պարտքը տարեկան դրութեամբ երկուքուկէս միլիառ տոլարի պիտի վերածուի», ըսաւ ան:

Քասսար աւելցուց, որ զօր. Աուն հասկացողութիւն ցուցաբերած է իրենց մտահոգութեան նկատմամբ:

Նշենք, որ զօր. Աուն այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Ժիպէյլ, ուր պիտի ունենայ ժողովրդային ու կուսակցական հանդիպումներ եւ այցելութիւն մը պիտի տայ Իլիժի Տիրամօր վանքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )