Սապունճեան Ընդունեց Դեսպան Քոչարեանը

Դեսպան Քոչարեան եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստան կը քաջալերէ լիբանանցի գործատէրերուն կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուելիք ներդրումները, ինչպէս նաեւ լայն առիթներ կ՛ընծայէ անոնց` իրենց աշխատանքին շրջագիծը ընդլայնելու եւ բարելաւելու:

ՔոչարեանԼայեուն Հանդիպում

Նշենք, որ դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ երգահանդէսներ եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )