«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Ամերիկեան առեւտուրի պալատի բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար:

Դեսպանը նշած է, որ ինք նաեւ պիտի աշխատի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ կառավարութիւններուն հետ` բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար: «Մենք երբեք պիտի չհրաժարինք միջնորդական առաքելութենէն, որովհետեւ խաղաղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միակ ճամբան է», ըսած է Մոռնինկսթար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )