Ռուբէն Հայրապետեան Այլեւս Պատգամաւոր Չէ
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ստորագրեց Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի` պատգամաւորական լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցնելու մասին արձանագրութիւնը եւ զայն ուղարկեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին:
Տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց Ազգային ժողովի քարտուղարութեան աշխատակազմի ղեկավարին տեղակալ Թաթուլ Սողոմոնեան: Ան նշեց, որ Ռուբէն Հայրապետեան իր դիմումը կրնար ետ վերցնել երէկ` մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:
CATEGORIES Հայկական


