Ֆութսալ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը. Այսօր Կը Սկսի 2012-2013 Տարեշրջանը` Էյ. Եու. Սի. Ի. – Սեն Ժոզեֆ Մրցումով

Ֆութսալի խումբերուն վերջին պատրաստութիւնները

Այսօր` շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, կը սկսի Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը` Էյ. Եու. Սի. Ի. – Սեն Ժոզեֆ բացման մրցումով, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտին վրայ (Մար Ռուքոզի շրջան):

Բնականաբար Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ տեղի ունենալիք ֆութսալի այս ախոյեանութիւնը կը կայանայ վեցերորդ տարին ըլլալով:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ֆութսալը մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ Լիբանանի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ` նկատի ունենալով, որ անիկա նախ տարածուեցաւ լիբանանեան տարբեր նահանգներուն մէջ, ապա անոր մակարդակը բաւական մը բարձրացաւ:

Ա. դասակարգի այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 12 խումբեր: Նշենք, որ նախորդ տարուան ախոյեանն է Օլ Սփորթց, իսկ փոխախոյեանը` Սատաքա:

Կը կարծուի, որ այս նոր տարեշրջանին տիտղոսին տիրանալու համար պայքարը ըլլայ բաւական սուր` Սատաքայի եւ Սեն Ժոզեֆի միջեւ:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Էյ. Եու. Սի. Ի. – Սեն Ժոզեֆ 17:00 Էմիլ Լահուտ
Պրուս Քաֆէ – Հալուսիէ 19:00 Էմիլ Լահուտ
Սատաքա – Օլ Սփորթց 19:00 Սատաքա
Էյ. Եու. Էս. Թի. – Նըտուա Քամաթիէ 21:00 Էմիլ Լահուտ
 

ՎԱՂԸ

Ներքին ապահովութեան ուժեր – Թրիփոլի Ֆիհաա 19:00 Էմիլ Լահուտ
Ժամհուր – Հատաֆ 21:00 Էմիլ Լահուտ

 

Share this Article
CATEGORIES