Ծանրաբարձութիւն. Տիգրան Մարտիրոսեան Ապաքինած Է Եւ Կը Պատրաստուի Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեան եւ Փեքինի 2008-ի ողիմպիականի խաղերու պրոնզէ մետալակիր Տիգրան Մարտիրոսեան ամբողջութեամբ ապաքինած է:
Գիւմրեցի ծանրաբարձը 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ազդանշանը տրուելէն առաջ թեթեւ վնասուածք մը ստացաւ: Ատիկա այդքան ալ լուրջ չէր, բայց նկատի ունենալով, որ ողիմպիականին ազդանշանը պիտի տրուէր, վերականգնելու ժամանակ մնացած չէր:
Ան այժմ ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլալով կը պատրաստուի ապրիլ 2013-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի, իսկ հոկտեմբեր 2013-ին կատարուելիք աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Նշենք, որ 2009-ին Մարտիրոսեան 69 քկ դասակարգէն փոխադրուեցաւ 77 քկ դասակարգ: Ան 2010-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան (վերջինը` Թուրքիոյ մէջ):
CATEGORIES Մարզական

