Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Սփիտ Թեսթի 3-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Տեղի ունեցած քննութիւններէն

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, այսօր` շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (կեդրոնական Պէյրութ) տեղի կ՛ունենայ այս տարեշրջանի Սփիտ Թեսթի 3-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 41 ինքնաշարժներու:

Նախանցեալ օր փակուեցաւ այդ մրցումին արձանագրութեան պայմանաժամը, որմէ ետք Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներուն քննութիւնը:

Անոր մասնակցողներուն կարգին է Ապտօ Ֆըղալի, որ կը մասնակցի «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-6» ինքնաշարժով:

Կը մասնակցի նաեւ լիբանանահայ փորձառու վարորդ Կարօ Յարութիւնեան` «Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ – Էմ. 3» ինքնաշարժով:

Կայ նաեւ այլ հայ մը` Յովիկ Գարակէօզեան, որ կը մասնակցի «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-7» ինքնաշարժով:

 

Share this Article
CATEGORIES