50 Տարի Առաջ ( 1 Հոկտեմբեր 1962 )

Տարօն-Տուրուբերանի
Նոր Վարչութիւնը

Հիւրասիրութիւն` Ի Պատիւ Հրանդ Սրբազանի

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Պէյրութի մասնաճիւղը 9 սեպտեմբերի առաւօտեան, նախագահութամբ Մելիք Սարհատեանի, ժողով մը գումարելով, ընտրեց 7 հոգինոց նոր վարչութիւն մը: Նորընտիր վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին մէջ դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով.-

Հրանդ Ներսէսեան` ատենապետ
Յարութիւն Ստեփանեան` ատենադպիր
Վարդգէս Փափախեան` գանձապահ

Խորհրդականներ` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Յարութիւն Սասունեան, Վարդան Գէորգեան եւ Եղիա Մարտոյեան: Իսկ Մելիք Սարհատեանն ու Միհրան Վարդանեանը նշանակուեցան վարչութեան պատուոյ անդամներ:

*
*   *

Նորընտիր վարչութիւնը օգտուելով Ամերիկայի հայոց առաջնորդ  Հրանդ եպիսկոպոսի Պէյրութ գտնուելու առիթէն` կազմակերպեց հիւրասիրութիւն մը ի պատիւ հայրենակից հիւրին, որ տեղի ունեցաւ 16 սեպտեմբերի երեկոյեան, միութեանս ատենապետ Հրանդ Ներսէսեանի բնակարանին մէջ (Տհուր Շուէյր): Ներկայ էին սրբազան հօր հետ,  երէց հայրենակիցներ` Կարօ Սասունի, Մելիք Սարհատեան, Միհրան Վարդանեան եւ վարչութեան անդամները:

Մտերիմ մթնոլորտի մէջ եղան մաղթանքներ, արտասանութիւն, մեներգ, ի մէջ այլոց խօսեցան Հրանդ եպիսկոպոսն ու Կարօ Սասունին:

ՀՄԸՄի Զահլէի Մասնաճիւղին
Գործունէութիւնը

22 սեպտեմբեր 1962, շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանիս ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմակերպած պարահանդէսը` Շթորայի «Փարք Հոթել»-ի «Ալթոնա» սրահին մէջ:

Ներկայ էին օրուան հովանաւորութիւնը ստանձնող Պեքաայի երեսփոխան Հիւսէյն Մանսուր եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ: Տեղի չգոյութեան պատճառով շատեր հարկադրաբար մեկնեցան:

Իր տարողութեամբ շրջանիս համար նորութիւն եղող այս ձեռնարկը, վարչութեան ջանքերուն շնորհիւ, ակնկալուածէն մեծ յաջողութիւն արձանագրեց` նիւթական թէ բարոյական տեսակէտէն:

*
*   *

13 սեպտեմբերին երկրագործութեան նախարարութիւնը շրջանի մէջ կազմակերպած էր խաղողի փառատօնը: Այս առիթով տոհմային պարեր ներկայացնելու միտումով, հանդիսութեանց մասնակցութեան մասնաւոր հրաւէր ղրկուած էր, քաղաքիս մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր սկաուտական խումբերուն, որոնց կարգին նաեւ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբին, իբրեւ շրջանին միակ հայկական սկաուտական խումբը: Մասնաւորապէս հրաւէր ուղղուած էր նաեւ Պուրճ Համուտի սկաուտական փողերախումբին, մաս առ մաս իր ընկերակցութիւնը բերելու համար մասնակցող իւրաքանչիւր խումբի:

Տեղական համեստ ուժերով ու շրջանին գայլիկներու եռանդուն աքելլա Կարօ Քիւրքճեանի անսակարկ ճիգերուն շնորհիւ, կարճ ժամանակի մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական պարի խումբ մը` մասնակցութեամբ Օգն. խաչի արծուիկներու գլխաւորութեամբ Ի. Հայրապետեանի:

Գիւղաքաղաքի գլխաւոր պողոտան ու զայն եզերող շէնքերու պատշգամներն ու տանիքները լեցուած էին բազմահազար հանդիսատեսներով: Քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ, յատկապէս շինուած թրիպիւնին վրայ տեղ գրաւած էին պետական ու կառավարական շրջանակէն պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու մասնաւոր հրաւիրեալներ: Հանդիսութեանց կիսուն բարձրախօսը կը պատգամէր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բաժնի պարի խումբին ժամանումը: Փողերախումբը կը հնչեցնէր եռանդուն պարի եղանակ մը: Ազգային տարազով զգեստաւորուած խումբ մը հայ պարման-պարմանուհիներու կշռութաւոր պարը գլեց անցաւ իր նմանները: Հազարաւոր բերաններէ կը լսուէր «եա՛իշ էրմեն» (կեցցեն հայերը):

Յաջորդ օրը սեպտեմբեր 14-ի երեկոյեան տեղի կ՛ունենար փառաւոր հանդիսութիւն մը` Քոլեժ օրիանթալի նորակառոյց շարժանկարի սրահին մէջ: Ներկայ էին շրջանի երեսփոխան Ժոզեֆ Սքաֆ եւ անձնաւորութիւններ: Հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցեր էր սրահը:

Երկրագործական նախարարութեան կցորդը, որ միեւնոյն ատեն գլխաւոր կազմակերպիչն ու պատասխանատուն էր տօնական այս ելոյթներուն, խանդավառուած, հայկական պարի գտած յաջողութենէն, ուրիշ քանի մը խումբերու կարգին կը հրաւիրէ նաեւ զայն ու Պուրճ Համուտի փողերախումբը:

ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ

 

Հայաստան

Երեւանի Բերդին Հնութիւնները

Հրազդանի ձախ` բարձրադիր ափին մինչեւ այսօր ալ տեղ-տեղ կ՛երեւին Երեւանի հին բերդին մնացորդները: Բերդին քովերը տարիներու ընթացքին շինուած Սարտար Խանի հայելազարդ պալատը, կանանոցը, մզկիթներ, զօրանոցներ եւ այլ շինութիւններ:

Երեւանի բերդը տեսած եւ նկարագրած են օտար բազմաթիւ ճամբորդներ, սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը յաջողած է նկարագրել Խաչատուր Աբովեանի նման ճիշդ եւ պատկերաւոր:

Արեւելքի մէջ հռչակ վայելող Երեւանի բերդը, 1827-ին, հինգ-վեց օրուան ընթացքին կը գրաւուի ռուսական եւ հայկական ջոկատներուն կողմէ: Պարսիկներէն գրաւուած զէնքերուն, դրօշակներուն եւ այլ հանդերձանքներուն մէկ մասը ներկայիս ցուցադրուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ:

Վերջերս, պատահաբար, գտնուեցան թնդանօթի երեք արկեր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )