Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Կուկըլ+ Գործածողներուն Թիւը 12 Ամսուան Մէջ Կ՛անցնի 400 Միլիոնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿՈՒԿԸԼ+-Ը ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՊԻՏԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ՖԷՅՍՊՈՒՔԸ: ԱԼԵՔՍ ՄԱՍԹԸՐԶ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ (ԱԶԱՏ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ) ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԱԶԻՒ ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿՈՒԿԸԼ+-Ի ԲՆՈՅԹԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏԷ ԱՅԼ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՀԵՏ:
Կուկըլի Ճարտարագիտական բաժանմունքի փոխ նախագահ Վիք Կունտոթրա կը յայտարարէ, թէ Կուկըլ+ (Կուկըլ փլաս) 12 ամիս առաջ իր հրապարակային գործունէութեան սկսելէն ի վեր այժմ ունի աւելի քան 400 միլիոն հետեւորդներ, որոնց 100 միլիոնը ամէն ամիս աշխուժ ներկայութիւն են այս կեդրոնին մէջ, այսինքն` առնուազն ամիսը անգամ մը կը հաղորդակցին այս սպասարկութեան միջոցով, համացանցի կամ բջիջային հեռաձայնի ճամբով եւ երբեմն ալ` այս երկու գործիքներով:
Կունտոթրայի յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կը շեշտեն այն իրողութիւնը, թէ Կուկըլ +-ի գործածութիւնը կը գտնուի առողջ վիճակի մէջ եւ կ՛աւելնայ սրընթաց թափով, հակառակ քննադատներու այն կարծիքներուն, որոնք այս սպասարկութեան դաշտը կը կոչեն «ուրուականներու աւան մը»: Սակայն ինչո՞ւ մարդիկ այն տպաւորութիւնը ունին, թէ Կուկըլ+ դատարկ է: Ամէն ամիս զայն գործածող 100 միլիոն անձերը պէտք է որ տեղ մը գոյութիւն ունենան, այնպէս չէ՞:
Անշո՛ւշտ որ անոնք գոյութիւն ունին: Պարզապէս պէտք է քիչ մը ժամանակ տրամադրել` զանոնք գտնելու համար: Հարցը այն է, թէ կարելի է Կուկըլ+-ը բազմաթիւ ձեւերով բաղդատել Ֆէյսպուքի հետ: Այո, անիկա ընկերային կապեր հաստատող միջոց մըն է, սակայն զայն գործածելու ձեւը էապէս կը տարբերի Ֆէյսպուքի գործածութենէն: Կուկըլ+ աւելի քննարկումներու ցանց մըն է, քան` ընկերային կապեր հաստատելու: Այստեղ մարդիկ հակամէտ են կապ հաստատելու հարիւրաւոր անձերու հետ եւ ոչ` պարզապէս սահմանափակ թիւով բարեկամներու:
Կուկըլ+-ի մէջ անվերջանալի քննարկումներ կը զարգանան մէկ նիւթի շուրջ եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն անձեր իրենց կարծիքը կը յայտնեն: Մինչդեռ Ֆէյսպուքի վրայ զրոյցները սովորաբար կը զարգանան որոշ շրջանակի մը մէջ եւ ոչ թէ` նոյն հետաքրքրութիւնները բաժնող հարիւրաւոր անձերու: Այս դիտանկիւնէն` Ֆէյսպուքը հետզհետէ կը դառնայ ուրուականներու ոլորտ մը` բաղդատած Կուկըլ+-ի: Անշուշտ ամէն ինչ յարաբերական է, եւ կախեալ է տուեալ միջոցը գործածելու ձեւէն:
Կուկըլ+-ը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ համացանցին մէկ շարունակութիւնը: Վայր մը` ուր մարդիկ համաշխարհային տարողութեամբ կը փնտռեն, կը բաժնեն եւ կը քննարկեն իրադարձութիւններ, լուրեր, նախասիրութիւններ, գործունէութիւններ, ընդհանուր հետաքրքրութիւններ: Անիկա կը նմանի Ֆէյսպուքի, սակայն կ՛ընդգրկէ համացանցի վրայ հանդիպման եւ քննարկումի վայր մը (ֆորում): Անշուշտ բոլոր Կուկըլ+ այցելողները չեն, որոնք այս ձեւով կը գործածեն զայն, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը Կուկըլ+-ը կը գործածէ` հաղորդակցելու համար օտարներու հետ, որոնք կը բաժնեն հասարակաց հետաքրքրութիւն մը եւ ոչ անպայման հասարակաց բարեկամներ:
Ի տարբերութիւն Կուկըլ+-ի, Ֆէյսպուքը կը գործածուի աւելի անձնական ձեւով: Ֆէյսպուքը այն վայրն է, ուր մարդիկ իրենց փորձառութիւնները կը բաժնեն իրենց բարեկամներուն հետ, կամ` անոնց բարեկամներուն, քան թէ` օտարներու: Այո՛, ճիշդ է, որ մարդիկ տակաւին Ֆէյսպուք կը գործածեն` հաղորդակցելու համար անձնապէս իրենց անծանօթ անձերու հետ, սակայն ընդհանուր առումով օտարներու հետ հաղորդակցութիւնը փոքր համեմատութիւն մը կը կազմէ ընկերային կապեր հաստատող այս ցանցին գործունէութեան մէջ: Ֆէյսպուքի վրայ մեծ մասամբ բարեկամներ, ընտանիքի անդամներ եւ պաշտօնակիցներ իրենց ընկերային փորձառութիւնները կը բաժնեն իրարու միջեւ:
Ֆէյսպուքը ընկերային կապեր հաստատող ցանց մըն է: Լինքըտընը առեւտրական ցանց մըն է, իսկ Կուկըլ+-ը քննարկումներու ցանց մըն է: Ինչ կը վերաբերի Թուիթըրի, կարելի է ըսել, թէ յայտնապէս Թուիթըր ի՛նք չի գիտեր, թէ ի՛նչ է այս պահուս: Անիկա հետզհետէ նուազ կը գործածուի իբրեւ փոքր ծաւալով պլոկ (մայքրոպլոկ) մը եւ աւելի` իբրեւ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններ եւ հանրային կարծիքներ «սփռող ցանց մը»:
Մարդիկ որքան արագ անդրադառնան, թէ իւրաքանչիւր ցանց կը ծառայէ տարբեր նպատակի մը, այնքան լաւ: Եթէ կը փափաքիք հանդիպիլ աշխարհի տարածքին ձեզի պէս մտածող անձերու, որոնք կը բաժնեն ձեր հետաքրքրութիւնները, ապա Կուկըլ+-ը ձեզի յարմար միջոցն է: Խորհուրդ կու տամ անտեսել քննադատներուն կարծիքները եւ անձամբ փորձել զայն. չի կրնար ըլլալ, որ ամէն ամիս զայն աշխուժ թափով գործածող աւելի քան 100 միլիոն անձերը սխալած են:

