Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Դիպուած Մըն Էր @ Խորհրդանշանին Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Թէեւ @-ի գործածութեան առաջին վկայութիւնը կու գայ 1536-էն, սակայն անիկա իր մութ անցեալէն արդի աշխարհ մուտք գործած է 1971-ին:
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԱՅՍ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԱՐՁԱՒ ԱՐԴԻ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆԸ: «ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՊԵՂԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼ ՄԸ:
Իտալացիք զայն կը կոչեն «խխունջ», իսկ հոլանտացիք` «կապիկի պոչ»: Այժմ բոլորիս ծանօթ @-ը ելեկտրոնային հաղորդակցութեան հիմն է` շնորհիւ ե-նամակներու եւ Թուիթըրի հասցէներուն: Անիկա նոյնիսկ մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին (ՄօՄա) մնայուն հաւաքածոյին. թանգարանը @-ի արդի գործածութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «օրինակը շքեղութեան, խնայողութեան, մտաւորական թափանցիկութեան եւ ապագայի հաւանական ուղղութիւններու, որոնք խարսխուած են մեր ժամանակներու արուեստներուն մէջ»:
Ստեղնաշարին ամէնէն շնորհալի խորհրդանշաններէն` @-ի ծագումը ինքնին խորհրդաւոր է: Տեսութիւն մը կ՛ըսէ, թէ միջնադարու կրօնաւորներ ձեռագիրներ ընդօրինակելու ժամանակ սղագրութիւններ փնտռելով` «թաուըրտ« (դէպի) բառին լատիներէն տարբերակը` «ad», վերածած են «a»-ի, իսկ «d»-ն կցած են իբրեւ «պոչ»: Թերեւս @-ը եկած է «էթ» (այնտեղ) բառին ֆրանսերէն տարբերակէն «ա`», եւ դպիրները արդիւնաւէտ աշխատանքի մը ձգտելով` գրիչի հարուածով մը շեշտը վերածած են ոլորուած պոչի: Թերեւս ալ այս խորհրդանշանը եղափոխուած է «իչ էթ» (իւրաքանչիւրը` այնտեղ) բառերուն մէկ յապաւումէն եւ «a»-ն ամփոփուած է ոլորուն «e»-ի մը մէջ: @-ի գործածութեան առաջին արձանագրութիւնը կու գայ 1536-էն. ֆլորանսցի առեւտրական Ֆրանչեսքօ Լափի նամակի մը մէջ զայն գործածած է իբրեւ քանակի խորհրդանշան` իր վաճառած ամֆորայէ գինիին, զոր կ՛արտածէր կաւէ մեծ կարասներով:
Աւելի ուշ այս խորհրդանշանը պատմական դեր մը ստանձնած է առեւտուրի մէջ: Առեւտրականներ երկար ժամանակ զայն գործածած են` նշելու համար որոշ քանակութեամբ ապրանքի մը գինը: Օրինակ` «12 հատ (@) մէկ տոլար». այսինքն` ընդհանուրին գինը` 12 տոլար է: Ասիկա ինքնին կ՛ապացուցէ խորհրդանշանին առանցքային կարեւորութիւնը: Այսուհանդերձ մեքենաներու դարաշրջանը այնքան ալ ազնիւ չէ վարուած անոր հետ: 1800-ական տարիներու կէսերուն շինուած առաջին գրամեքենաները զուրկ էին այս նշանագիրէն: Նոյնպէս` անիկա մաս չէր կազմեր քարտերու վրայ աղիւսակներ կամ ցանկեր պատրաստելու ծրագիրներուն (փանչ-քարտ թապիւլէյթինկ սիսթըմ), որոնք առաջին անգամ գործածուած են 1890-ին` Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամարի տուեալներ հաւաքելու համար: Տեղեկութիւնները դասաւորելու ծառայող այս միջոցը նախակարապետն էր համակարգչային ծրագրումի:
Իբրեւ խորհրդանշան` @-ը արդի ժամանակներու իր թմբիրէն արթնցաւ 1971-ին, երբ համակարգչային գիտութիւններու մասնագէտ Ռէյ Թոմլինսըն կը դիմագրաւէր բարդ հարց մը. ինչպէ՞ս իրարու միջեւ կապի մէջ դնել անձեր, որոնք ծրագիրներ կը մշակեն համակարգիչներու համար: Այդ օրերուն իւրաքանչիւր ծրագրող հեռաձայնով մը եւ ստեղնաշարով մը կապուած էր կեդրոնական համակարգիչի մը: Սակայն համակարգիչները կապուած չէին իրարու: Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը փորձեց յաղթահարել այս դժուարութիւնը եւ վարձեց «Պի. Պի. Էն. թեքնոլոճիզ» ընկերութիւնը, որուն մէջ կ՛աշխատէր Թոմլինսըն, որպէսզի անիկա ստեղծէր համացանցի նախակարապետը` Արփանեթը:
Թոմլինսընի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրն էր նամակ մը Արփանեթի միջոցով տարբեր համակարգիչ գործածող անձի մը հասցէագրելը: Ան մտածեց, թէ հասցէն պէտք էր ընդգրկէր անձին անունը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ անձերու կողմէ գործածուող նոյն համակարգիչին անունը: Իսկ այն խորհրդանշանը, որ իրարմէ պիտի բաժնէր հասցէին երկու բաղկացուցիչ մասերը, պէտք չէր մաս կազմէր համակարգչային ծրագիրներու մէջ արդէն գործածուող որեւէ տառատեսակի, որպէսզի համակարգիչները շփոթի չմատնուէին:
Հետեւաբար Թոմլինսընի ուշադրութիւնը գրաւեց @-ը, որ զետեղուած էր իր Մոտըլ 33 գրամեքենային «Փի.» տառին վերեւ: «Կը փնտռէի տառատեսակ մը, որ շատ չէր գործածուեր,- կ՛ըսէ ան:- Իսկ ընտրանքներ չունէի. թերեւս պիտի ընտրէի կէտը կամ միջակէտը, հաւասարի նշանը, սակայն գիտէի, թէ անիմաստ էր»: Թոմլինսըն ընտրած է @-ը, «հաւանաբար խնայելով «դահեկանի» խորհրդանշանը` համակարգիչներու ստեղնաշարին վրայ», ինչպէս կ՛ըսէ ան: Իր յղացած անուններու ձեւը գործածելով` ան ե-նամակ մը ուղարկած է իր հասցէին, որ Արփանեթի միջոցով իր ստեղնաշարէն ճամբորդած է դէպի այլ ստեղնաշարի մը կապուած համակարգիչ մը` նոյն գրասենեակին մէջ:
Թոմլինսըն, որ տակաւին կ՛աշխատի «Պի. Պի. Էն.»-ի մէջ, չի յիշեր, թէ ի՛նչ գրած է իր առաջին ե- նամակին մէջ: Սակայն «միջոցը ինքնին պատգամն է», ինչպէս կ՛ըսէ համակարգչային հաղորդակցութեան փիլիսոփայ Մարշալ ՄքԼուհան: Եւ այս պատգամով է, որ հնադարեան @ խորհրդանշանը, որ գրեթէ դատապարտուած էր մոռացութեան, դարձաւ խարիսխը մարդկային հաղորդակցութեան մէջ ծնունդ առած յեղափոխութեան մը:

