Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Մարդ Մը Իր Բնակարանը Հանրային Գրադարանի Կը Վերածէ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԵԹԷ ՁԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԲՈԼՈՐ ԳԻՐՔԵՐԸ ԴՆԷՔ ՓՈՂՈՑԸ` ՁԵՐ ՏԱՆ ԴԻՄԱՑ, ՊԻՏԻ ՄՏԱԾԷՔ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԱԿՆԹԱՐԹԻ ՄԸ ՄԷՋ ԿՐՆԱՆ ԱՆՀԵՏԱՆԱԼ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԱՆԻԼԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴ ՄԸ ՓՈՐՁԱԾ Է ԱՅՍ ԵՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է, ԹԷ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ ՄԻԱՅՆ ՈՒՌՃԱՑԱԾ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՈՐՄԷ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԵՐՇՆՉՈՒԻԼ:

Հերնանտօ Կուանլաօ 60-ական տարիքի խանդավառ մարդ մըն է, որ համակուած է գիրքերու նկատմամբ անհուն սիրով:

Գիրքերը Կուանլաոյի ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւրն են, ինչ որ լաւ է, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ անոնք յայտնապէս սկսած են գրաւել անոր ամբողջ բնակարանը:

Կուանլաօ, որ ծանօթ է իր փաղաքշական Նանի անունով, անպաշտօն գրադարան մը հաստատած է կեդրոնական Մանիլայի իր բնակարանին առջեւ, որպէսզի թաղեցիներուն հետ բաժնէ ընթերցանութեան իր հաճոյքը:

Գաղափարը պարզ է. ընթերցողներ կրնան իրենց հետ տանիլ քանի գիրք, որ կ՛ուզեն, եւ կրնան զանոնք իրենց քով պահել, որքան որ կ՛ուզեն, նոյնիսկ` ընդմիշտ: Ինչպէս Կուանլաօ կ՛ըսէ` «միակ օրէնքը այն է, թէ օրէնքներ չկան այստեղ»:

Կրնանք մտածել, թէ նման քաղաքականութիւն մը կիրարկելով` Կուանլաօ շուտով պիտի մնայ առանց գիրքի:

Կուանլաօ հրաժարած է իր գործէն` իր հանրային գրադարանը ղեկավարելու համար:
«Արդար պիտի չվարուէի այս գիրքերուն հետ, եթէ զանոնք շարէի պահարանի մը մէջ կամ` սնտուկներու», կ՛ըսէ ան:

Սակայն, իրականութեան մէջ ան 12 տարիէ ի վեր կը վարէ իր գրադարանը, կամ իր բառերով` գիրքերու ակումբը եւ անդրադարձած է, թէ իր հաւաքածոն ոչ թէ կծկուած է, այլ` ուռճացած, որովհետեւ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձեր սկսած են գիրքեր նուիրել իր նպատակին:

«Ինծի այնպէս կը թուի, թէ գիրքերը կը խօսին ինծի: Այս պատճառով է, որ անոնք կը բազմապատկուին մեծ թափով,- կ՛ըսէ ան ժպտալով:- Գիրքերը ինծի կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզեն կարդացուիլ… կ՛ուզեն ձեռքէ ձեռք անցնիլ»:

Կուանլաօ իր գրադարանը սկսած է կազմել 2000-ին, իր ծնողներուն մահէն կարճ ժամանակ ետք: Ան կ՛որոնէր անոնց յիշատակը յարգելու ձեւ մը, երբ մտածած է իր ժառանգած ընթերցանութեան սէրը տարածելու մասին:

«Տեսայ հին դասագիրքերս տան ձեղնայարկին մէջ եւ որոշեցի զանոնք դնել հանրութեան տրամադրութեան տակ», կ՛ըսէ ան:

Հետեւաբար Կուանլաօ հազիւ 100 գիրքերէ բաղկացած իր հաւաքածոն դրած է իր բնակարանին մուտքին եւ սպասած է, որ մէկը փոխ առնէ զանոնք: Ոմանք խնդրած են ունենալ գիրքերը եւ հետագային վերադարձուցած են` իրենց հետ բերելով այլ գիրքեր, եւ այսպէս ծնունդ առած է գրադարանը:

Ներկայիս գիրքերու ելումուտը այնքա՛ն աշխուժ է, որ Կուանլաօ կը խոստովանի, թէ չի գիտեր` քանի՛ գիրք ունի: Սակայն որեւէ ժամու 2000-3000 գիրք կը գտնուի անոր դրան առջեւ դիզուած դարաններուն վրայ եւ սնտուկներուն մէջ:

Եւ այս` միայն տունէն դուրս: Իսկ ներսը գիրքերը շատ արագ կը սողոսկին դէպի իւրաքանչիւր դատարկ տարածք: Դժուար է ոտք դնել մուտքի սենեակը: Կուանլաոյի ինքնաշարժը շատոնց դուրս եկած է կառատունէն: Գիրքեր շարուած են նոյնիսկ աստիճաններէն վեր:

Կուանլաօ երբեք չի ծանուցեր իր գրադարանը: Սակայն ձեւով մը ամէն օր մարդկային հոսք մը իր ճամբան կը գտնէ դէպի այս վայրը:

Մօտակայ վաճառատուներուն մէջ աշխատողներ իրենց կէսօրուան դադարը կ՛անցընեն այստեղ, մարդ մը փոխ կ՛առնէ ստուար հատոր մը` Ս. Յովհաննու աւետարանին վերաբերեալ, դպրոցական մանուկներ կ՛ընտրեն դասագիրքեր եւ նորաձեւութեան թերթեր:

Սակայն Սելինի նման անձերն են, որոնք կ՛ապահովեն գրադարանին շարունակականութիւնը: Սելին կը բնակի Կուանլաոյի փողոցին ծայրը, գրադարան կը հասնի` երկու տոպրակ լեցուն գիրքերով, ոմանք` վերադարձնելու համար, ուրիշներ` նուիրելու:

Սելին կ՛ըսէ, թէ գրադարանին գաղափարը հաճելի է իրեն համար, որովհետեւ ֆիլիփինցիները, մանաւանդ` անոնք, որոնք հարուստ չեն, սահմանափակ հասողութիւն ունին գիրքերու:

«Մանիլայի ազգային գրադարանէն զատ որեւէ այլ հանրային գրադարան չեմ գացած», կ՛ըսէ ան, եւ կը բացատրէ, թէ ազգային գրադարանը շատ հեռու է եւ կարելի չէ գիրքեր փոխ առնել հոնկէ:

Իսկ երբ Սելին փափաքի գիրք մը գնել, միջին հաշուով պէտք է վճարէ 300 փեսոս (շուրջ 7 տոլար): Օտար երկիրներէ ներածուած գիրքերը, մանաւանդ մանկական գիրքերը նոյնիսկ կրկնապատիկ կ՛արժեն:

«Նկատի ունենալով մեր տեղական եկամուտները, կը կարծեմ, թէ ծնողներ այլ առաջնահերթութիւններ ունին», կ՛ըսէ ան:

Մանիլայի ամէնէն աղքատ հաւաքականութիւններուն իր ծառայութիւնը մատուցելու համար Կուանլաօ չի սպասեր, որ անոնք փնտռեն ու գտնեն զինք, այլ ի՛նք կ՛երթայ անոնց քով, իր «գիրքերու հեծիկով», որ ունի մեծ սակառ մը` գիրքերով դիզուած:

Կուանլաօ նաեւ սկսած է իր հայեացքը ուղղել Մանիլայէն դուրս: Ան արդէն սնտուկներով գիրքեր տուած է անձի մը, որ կը փորձէ նմանօրինակ աշխատանքի մը ձեռնարկել Մանիլայէն ինքնաշարժով 10 ժամ հեռու` Պիքոլի գաւառին մէջ: Իսկ անոր նորագոյն ծրագիրին նպատակն է օգնել բարեկամուհիի մը, որ գրադարան մը հաստատէ երկրին հեռաւոր հարաւային ծայրամասերուն մէջ:

Կուանլաոյի բարեկամուհին կը փափաքի «գիրքերու նաւակ» մը շրջագայութեան մէջ դնել Սուլուի եւ Պասիլանի կղզիներուն շուրջ. տարածք մը, որ աւելի ծանօթ է իբրեւ անջատողական ըմբոստներու թաքստոց, քան թէ` գրականութեան հասողութեան վայր:

Մինչ կէսօրուան արեւուն տակ մարդիկ կը թերթատեն Նանի Կուանլաոյի հաւաքածոն, ան կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կ՛արժէր, որ իր ամբողջ ժամանակը յատկացնէր այս գրադարանին պահպանումին, նոյնիսկ` հրաժարելով իր գործէն եւ գոյատեւելով միայն իր խնայողութեամբ:

«Արդար պիտի չվարուէի այս գիրքերուն հետ, եթէ զանոնք շարէի պահարանի մը մէջ կամ` սնտուկներու», կ՛ըսէ ան:

«Գիրք մը պէտք է գործածուի անընդհատ: Անիկա ունի իր կեանքը, իր պատգամը»:

«Իբրեւ գիրքերու հոգատար` կը դառնաս ամբողջական մարդ»:

Գրաճանաչութիւնը Ֆիլիփինեաններու Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ֆիլիփինեանները ունին գրաճանաչութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւններէն մէկը` բարգաւաճող աշխարհին մէջ:

Գրաճանաչ է 10 տարեկանէն վեր բնակչութեան շուրջ 93 առ հարիւրը:

Թակալոկ լեզուին վրայ հիմնուած ֆիլիփինոն ազգային պաշտօնական լեզուն է: Անգլերէնը պետութեան լեզուն է եւ կրթութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )