Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին` Ռինա Շիպանի
Զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորած եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կազմակերպած հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ժունիէի «Փլաթէա» թատերասրահին մէջ, շաբաթ, 29 սեպտեմբերին Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ Ռինա Շիպանի:
Անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ անոր երկուորեակ քոյրը` Ռոմի Շիպանի: Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիներու ընտրութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ այսպիսի դէպք, որ մէկ ընտանիքէ երկու քոյրեր գրաւեն գեղեցկութեան առաջին երկու դիրքերը:
CATEGORIES Լիբանանեան


