Սայտայի Մար Եուսեֆ Եկեղեցին` Կրակոցի Թիրախ
Շաբաթ կէս գիշերին անծանօթ զինեալներ մուտք գործած են Սայտայի Պքասթա գիւղաքաղաքի Մար Եուսեֆ եկեղեցին եւ իրենց գնդացիրներով կրակ բացած են եկեղեցիին վրայ` հսկայ վնասներ պատճառելով անոր:
Ներքին ապահովութեան ուժեր ուղղուեցան եկեղեցի, ուր անոնք հետաքննութիւն մը բացին` բացայայտելու համար յանցագործները:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը իր կարգին հետաքննութիւն բացած է մարոնի համայնքին պատկանող այդ եկեղեցւոյ դէմ գործուած բռնարարքին առնչութեամբ:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի խստիւ դատապարտեց միջադէպը եւ նշեց, որ աղօթավայրերը թիրախ դարձնող այս արարքները կը նպատակադրեն թիրախ դարձնել նաեւ Սայտան եւ անոր ներկայացուցած ազգային միասնականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

