Ռայի Պատրիարքը Վերահաստատեց 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Իր Մերժումը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հունգարիա:
Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յանգելու համար բոլորին շահերուն համապատասխանող ընտրական օրինագիծի մը:
Ան վերահաստատեց իր մերժումը 1960-ի ընտրական օրէնքին, որ «այսօրուան մեր իրավիճակին հիմն է: Այսօրուան մեր իրավիճակէն դուրս գալու համար մենք պէտք ունինք վաւերացնելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան առիթ կու տայ բոլորին», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք ընտրական օրէնքի որեւէ տարբերակի պատկերացում չունի, այլ` քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը կը համախմբէ համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ: «Օրէնք մը, որ բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ», ընդգծեց ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

