«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Միջոցով Հայաստան 15 Թոն Սննդամթերք Պիտի Ուղարկէ Սուրիա

«Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան միջոցով հաւաքուած 1500 տուփ սննդամթերքի առաջին օդանաւը Սուրիա պիտի ուղեւորուի վաղը:

Տարբեր կառոյցներու, անհատներու եւ գործարարներու տրամադրած սննդամթերքը, ընդհանուր կշիռքով մօտ 15 թոն, արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամները կը ծրարեն տուփերուն մէջ: Հազար տուփ արդէն պատրաստ է, որուն այսօր երիտասարդները պիտի աւելցնեն 500 տուփ եւս: Ծրարումի աշխատանքները կը կատարուին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի գրասենեակին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )