Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթը Ներառուած Է Ուքրանական Դասագիրքերուն Մէջ

«Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Ուքրանիոյ ուսանողները յատուկ ուսումնական գիրքի մը միջոցով պիտի կարենան ուսումնասիրել եղեռնագործութեան եւ կառավարական մակարդակով բնաջնջման քաղաքականութեան դէպքերը:

Ուքրանացի պատմաբան Անտրէյ Քոզիցքիի «Ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային բնաջնջման քաղաքականութիւնը 20-րդ դարու մէջ» (Պատճառները, առանձնայատկութիւնները, հետեւանքները) գիրքը երկրի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կ՛առաջարկուի իբրեւ ուղեցոյց` մարդասիրական մասնագիտութիւններով բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու համար:

Ըստ «Երկրամաս»-ի, որ իր կարգին յղում կը կատարէ ուքրանական լրատուամիջոցներուն, դասագիրքին մէջ կը պատմուի Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան, 1932-1933-ի ուքրանական Հոլոտոմորի եւ հրէական Ողջակիզման մասին:

Գիրքին մէջ առանձին ուսումնասիրուած են քաղաքացիական հասարակութեան ոչնչացման դէպքերը, որոնք տակաւին իբրեւ ցեղասպանութիւն չեն ճանչցուած: Գիրքը Լվովի «Հրատարակիչներու համախմբման» 18 լաւագոյն գիրքերու ցանկին մէջ ներառուած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )