Էրտողան Հայաստան – Թուրքիա Մերձեցումը Դարձեալ Կը Կապէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն:
Ան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը դարձեալ պայմանաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով:
«Հայաստանը, հայերը, անոնց տեղը զբաղեցնողները` ներսը կամ դուրսը, կապ չունի, թող իմանան, որ քանի տակաւին մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն պահանջները չեն իրականացուած, մեր դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն պիտի չարձանագրուի», ըսած է ան:
Անդրադառնալով թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն` Էրտողան դարձեալ յայտարարած է, որ քանի տակաւին Իսրայէլ 9 թուրքերու սպանութեան համար ներում չէ հայցած, անոր հետ յարաբերութիւնները պիտի չվերականգնին: