Դահուկարշաւ. Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները Յետաձգուեցան Յառաջիկայ Շաբաթ, 6 Հոկտեմբերին

Շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, թէեւ տեղի ունեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի տարեկան համագումարը, սակայն նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի չունեցան` նկատի ունենալով, որ 15 ակումբներու ներկայացուցիչներ անոր ներկայ գտնուեցան, մինչ կը պահանջուէր 16 ակումբի (ընդհանուր 23-էն) ներկայութիւն` նոր ընտրութիւնները կայացնելու համար:

Այս համագումարին թէեւ վաւերացուեցաւ վարչական զեկուցումը, սակայն դրամականը չվաւերացուեցաւ:

Որոշուեցաւ նոր ընտրութիւնները կայացնել շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2012-ին:

Ընտրութիւնները կայացնելու համար պէտք է ներկայ գտնուին 12 ակումբներ:

Նշենք, որ 12 անձեր իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 11 աթոռի համար:

 

Share this Article
CATEGORIES