Ճատրակ. Կրան Շլեմի. «Մասթըրզ»-Ի Մրցաշարք. Արոնեան 7 Կէտով 2-րդ Դիրքին Վրայ
Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ-ի միջազգային մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց մրցաշարքի իր չորրորդ հաւասարութիւնը (ճերմակ քարերով)` այս անգամ իտալացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ: Թէեւ անոնց միջեւ այս մրցումը քիչ մը երկար տեւեց, սակայն անոնք բաւականացան կիսական կէտով:
Այժմ Քարուանա 11 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Արոնեան` 7 կէտով 2-րդ դիրքը:
Վալեխօ – Քարժաքին եւ Անանտ – Քարլսըն հանդիպումները եւս աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ՅԱՂԹ. ՀԱՒ. ՊԱՐՏ. ԿԷՏ
1.- Քարուանա 3 2 0 11
2.- Արոնեան 1 4 0 7
3.- Քարլսըն 1 3 1 6
4.- Անանտ 0 5 0 5
5.- Վալեխօ 0 3 2 3
6.- Քարժաքին 0 3 2 3