ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Ալի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ քննարկեց քաղաքական, դիւանագիտական, ընկերային եւ ապահովական շարք մը հարցեր ու թղթածրարներ, որոնց ծիրին մէջ անդրադարձաւ նաեւ պետական կալուածներու վրայ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն, որոնք կը նկատուին օրինազանցութիւններ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն յարգելու օրէնքները եւ վարչական կանոնները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են այդ հարցին:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու գործավար նախարարներ Պութրոս Հարպն ու Սելիմ Սայեղը, որոնց հետ քննարկեց անոնց նախարարութիւններուն առնչուած հարցեր:

Նախագահական պալատ այցելեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք համապատասխան դատական ատեանները փոխանցելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES