Հարպոյեան Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Առաջին Զանգը Հնչեց

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին հնչեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը վերամուտը սկսաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցմամբ, որուն ընթացքին պատարագիչը Վարդան վրդ. Գազանճեան, բարեբեր եւ յաջողութեամբ ծաղկող ճանապարհ մը մաղթեց աշակերտներուն, իսկ ուսուցիչներուն համբերութիւն եւ կորով` իրենց ազգակերտ առաքելութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին, աշակերտները ունկնդրեցին տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանին խօսքը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու մանաւանդ նորեկ աշակերտներուն, ընդ նաեւ` ապահովական ծանր պայմաններու պատճառով իրենց հայրենիքը լքած մեր սուրիաբնակ հայրենակիցներուն, որոնք այս տարի լիբանանեան վարժարաններու մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը:

Արդիւնաբեր տարուան մը բարեմաղթութիւններով Ռ. Պոյաճեան աւարտեց իր խօսքը եւ բարձրախօսը յանձնեց «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի հաղորդավարուհի Սեւան Կարապետան-Ադամեանին, որ վեր առնելով հայ կրթօճախին անփոխարինելի դերը եւ հայ ուսուցիչին վեհ առաքելութիւնը` ճոխ երգերու մեկնաբանութեամբ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք խմբային պարերով ու շուրջպար բռնելով մասնակցեցան տօնական այս մթնոլորտին:

Վերամուտի առաջին օրը աւարտեցաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ յարաբերութիւն ստեղծելով եւ ջերմ ու ընկերային տրամադրութեամբ դասագիրքերուն ծանօթանալով:

Բարի վերամուտ` թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ուսուցիչներուն համար:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES