ՄԱՀԱԵ. Միութեան Լիբանանի Կրթական Խորհուրդ. Գնահատանքի Երեկոյ

ՄԱՀԱԵ. միութեան Լիբանանի Կրթական խորհուրդը, ըստ տարիներու աւանդութեան, ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտին կը պատուէ Հայ աւետ.  վարժարաններուն մէջ պըրըվէի եւ պաքալորէայի յաջողած աշակերտները:

Այս առիթով, չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի Հերիթաժի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւներու, տնօրէններու, կրթական մշակներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, երեկոն սկսաւ Կրթական խորհուրդի ատենապետուհի տոքթ. Արտա Էքմեքճիի բարի գալուստի ջերմ խօսքերով: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ աւետ. վարժարանները բարեբեր կրթական տարեշրջան մը եւս բոլորած են` շնորհիւ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու նուիրումին եւ ծառայութեան: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան` անսակարկ օժանդակութեան համար: Գոհաբանական աղօթք մատուցանեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ան իր աղօթքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս հունձքին համար, նաեւ` հայ դպրոցին դաստիարակիչ առաքելութեան համար, եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց, որպէսզի հայ դպրոցը կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը` դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ: Վերջապէս, Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց նաեւ աշակերտներուն համար` իրենց ապագայի քայլերուն մէջ:

Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ներկաներուն փոխանցեց իր շինիչ խօսքը: Ան ըսաւ.-

«Մօտ անցեալին, քանի մը ամիսներ առաջ, յաջողութիւն ունեցանք մենք: Ձեր վկայականները փաստեր են ձեր լաւ աշխատանքին: Բայց արդէն պըրըվէն եւ պաքալորէան անցեալին կը պատկանին:

«Այդ յաջողութիւնը իմաստ պիտի ստանայ, եթէ ջանաք նոր գործեր շահարկել, եթէ մտածէք ապագայի մասին: Հպարտանանք մեր յաջողութիւններով, բայց անոր վրայ հիմնուելով` դէպի առաջ երթանք:

«Երկրորդ կէտը այն է, որ մարդ արարածին բարեկամը իր գիտելիքն է, իր գիտցած տեղեկութիւնը, որով ինքզինք ուրախ կը զգայ: Մարդը կը վախնայ, թշնամի կը դառնայ եւ կը մտահոգուի անծանօթէն: Բարեկամացէք, ծանօթացէք բոլոր անծանօթներուն հետ: Ապագան կը կերտուի, երբ գիտութիւն կ՛ամբարէք:

«Ձեզմով կ՛ուրախանանք, որովհետեւ հոս թէեւ փոքր էք քանակով, բայց կը ներկայացնէք մեծ ժողովուրդին մշակոյթը, որուն ծաղկիլը կախեալ է ձեզմէ:

Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ Պետական քննութեանց յաջողած աշակերտներուն: Ասմունքեցին` Արփա Այնթէպլեան (Ժ. Ս. Յակոբեանի «Մենք»-ը), Կասիա Հաճեքեան (Վ. Թէքէեանի «Աստուծոյ հետ, հաշուեյարդար»), Ճորճ Նեսիմեան (Ս. Տարօնցիի «Սայաթ Նովան») ստեղնաշարի վրայ ընկերակցութեամբ Յովիկ Գլընճիպաշեանի: Հայկական Նազելաճեմ պարերով ելոյթ ունեցան` Շուշան Քէշիշեան (մենապար), Լոռի Եագուպեան, Նազիկ Աճեմեան, Լիզա Կիւմիւշեան (խումբով): Հայկական եղանականեր նուագեց Կարին Հայտոսթեան (ջութակ), Յակոբ Հարֆուշեան (ստեղնաշար), Շահան Քիլաղպեանէ (փող) կազմուած եռեակը:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտին, Լիբանանի Կրթական խորհուրդի գործիչ Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան կարդաց հայ աւետ. վարժարաններու պետական քննութեանց յաջողած աշակերտներուն անունները, որոնք ստացան խորհրդանշական նուէրներ, իսկ յիշատակութեան արժանացողներ ստացան յուշապնակներ` ձեռամբ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի:

Յուշապնակներ ստացան պըրըվէի յաջողածներ` Քէշիշեան Շուշան (շատ լաւ), Չիլինկիրեան Սառա (լաւ), Մսըրլեան Նայիրի (լաւ), Մա՛ալուֆ Լէա (լաւ), Պարտագճեան Արազ (լաւ), Պոյաճեան Սեւակ (լաւ):

Պաքալորէայի յաջողածներ` Քեսթենեան Րաֆֆի (լաւ), Քումաշեան Գէորգ (լաւ), Սիմիտեան Քրիսթին (լաւ): Յատուկ յուշանուէր ստացաւ Այնթապլեան Արփա (լաւ):

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը իր աւարտին հասաւ ՄԱՀԱԵ. միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին յորդորներով եւ առաքելական օրհնութեամբ:

Կարկանդակի հատումէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Կրթական մշակներ, ծնողներ եւ ուսանողներ զիրար կը շնորհաւորէին եւ յառաջիկայի կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ կը կատարէին:

Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES