Վերամուտը` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Ս. Խանամիրեան ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը վերամուտի առիթով ստացաւ Ս. հաղորդութիւն:

Երջանկութեան նշոյլը գծագրուած էր իւրաքանչիւր աշակերտի երեսին: Անոնք ուրախ էին, որ դպրոցը կրկին անգամ իր դռները բացած էր, ուստի անոնք պիտի ըմբոշխնէին դպրոցին կողմէ հրամցուած վայելքները` գիտութիւնը, խաղը եւ երջանիկ ու առողջ միջավայրը: Կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ, որ շարունակութիւնն էր նախորդ օրուան վերամուտի առիթով իրենց ունեցած հաճելի ու դաստիարակչական խաղերուն:

Ժամը 10:00-ին, վարժարան այցելեց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դիմաւորուեցաւ Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան, ծնողներուն , ինչպէս նաեւ շրջանի պատկան մարմիններուն կողմէ:

Պատրաստուած էր կոկիկ  յայտագիր մը, որ գործադրուեցաւ վարժարանին աշակերտութեան կողմէ:

Բացման խօսքին մէջ Ը. կարգի աշակերտուհին իր եւ դասընկերներուն անունով «բարի գալուստ» մաղթեց սրբազան հօր, ապա երախտագիտութիւն յայտնեց անոր տածած հոգատարութեան` մեր վարժարանին հանդէպ, ինչպէս նաեւ խոստացաւ ընդմիշտ տէր կանգնիլ հայ լեզուին, հայ մշակոյթին ու հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան եւ դառնալ պատուաբեր հայորդիներ:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան աշակերտներ, որոնք իրենց ասմունքներով, պարով ու երգով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան , որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ բազմազբաղ ըլլալով հանդերձ, այցելեց մեր վարժարանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեր վերամուտը այսօր կը սկսինք սրբազան հօր ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ: Ան բարի գալուստ մաղթեց նաեւ բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ` իրաքահայ ու սուրիահայ մեր ծնողներուն:

Ապա խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ աշակերտներուն ըսաւ, որ թէեւ այսօր իրենց սովորական դասերը պիտի չսորվին, սակայն կայ այլ կարեւոր դաս մը, որ այսօր պիտի սորվին իբրեւ հայորդիներ, ան ըսաւ. «Հայ դպրոցը հայ աշակերտին համար մեծ ու ազգային տուն մըն է, որուն բնակիչները հայ ժողովուրդի զաւակներն են, որոնք այդ տան տանտէրներն են: Այդ տան մէջ դուք կը մեծնաք իբրեւ հայեր, տէր կը դառնաք անոր ու հետագային պարտականութիւններ կը ստանցնէք անոր մէջ: Երբ մեծնաք, որպէս մեծ ընտանիքի, հայ ընտանիքի զաւակներ, տէր պիտի կանգնիք անոր լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան, սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն: Դո՛ւք էք, որ պիտի ժառանգէք այս Մեծ տունը:

«Հայ դպրոցը հայ ժողովուրդին տունն է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն, անոնք ուրկէ որ գան` Իրաքէն կամ Սուրիայէն, իբրեւ տանտէր կը մտնեն այս Տունէն, այս Ընտանիքէն ներս»:

Ան ըսաւ. «Իբրեւ առաջին դաս` այս մտածումներով կը սկսինք տարին, եւ երբ մեր վարժարանը անդամներով լեցուն կը տեսնենք, կ՛ուրախանանք: Այդ ուրախութեամբ ու ժպիտով ալ դիմաւորեցէ՛ք տարին, դարձէ՛ք լաւ աշակերտներ, պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք բերէ՛ք հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ միասին, ուրկէ որ եկած են անոնք, եւ կը մաղթեմ, որ բարի ու խաղաղ տարի մը անցընէք»:

Ապա սրբազան հայրը շրջեցաւ Շրջանաւարտից միութեան ջանքերով վերանորոգուած մանկապարտէզը եւ դպրոցին այլ դասարանները, որոնք օժտուեցան white board-երով: Այս առիթով տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ` Ֆանարի Ս. մատրան թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան, որոնք միշտ սատար կը կանգնին վարժարանի վերելքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES