Վերամուտի Խոհեր. «…Երբեք Պիտի Չգոցուի Այս Դուռը…»
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Նախորդ գրութեամբ շեշտը դրած էինք հաւատքի նախապայմանին եւ միջոցառումներու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի առաջնորդ սրբազանին վճռակամութիւնը որոշապէս հիմնաւորուի եւ… « երբեք չգոցուին դռները» վարժարաններուն:
Հոն, հաւատքի կարեւորութեան մասին պէտք եղած անդրադարձումը կատարած ըլլալ կը կարծենք: Ինչ կը վերաբերի միջոցառումներուն, անոնց առաջնայինն ու գլխաւորը հայակրթական ճակատի վրայ տրամադրելի մեր ամէն տեսակ հնարաւորութիւններուն կեդրոնացումն է եւ ստեղծումը այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի ընձեռեն առիթը, որպէսզի այդ հնարաւորւթիւններէն առաւելագոյնս օգտուի հայակրթութիւնը: Այս ուղղութեամբ անպայման յառաջընթաց կ’արձանագրուի, եթէ մեր դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար գաղութային բոլոր ուժերը հաւաքագրուին եւ միասնականութեան հմայիչ սկզբունքը գործնականի վերածուի ու կենսաւորուի` գէթ կրթական մարզի մէջ: Որուն համար, կը կարծենք, թէ բաւարար են քաղաքական կամքն ու բարդոյթներու թօթափումը:
Հին օրակարգ է, բայց նորովի շեշտուած օրահրաման` սեղանի վրայ դնելու եւ լրջօրէն քննարկելու վարժարաններու միացման հարցը եւ անոր լուծում տալու պահանջը:
Տարիներէ ի վեր զգացուած է վարժարաններու միացման անհրաժեշտութիւնը, որուն համար ալ շահագրգիռ կողմերու միջեւ տեղի ունեցած են խորհրդակցական հանդիպումներ, քննութեան առարկայ դարձած են փոխադարձ առաջարկներ: Պատահած է նոյնիսկ, որ խանդավառութեան մթնոլորտ ստեղծէ մտածումը, բայց միշտ ալ գտնուած են հատուածական ու տեղայնական մտայնութեամբ կարծրատիպ մարդիկ, որոնք կրթութեան հետ աղերս չունեցող սա-նա պատճառաբանութիւններով եւ անզիջող ոգիով ընդդիմացած են գաղափարին եւ արգելակած անոր իրագործումը:
Ռազմավարական անշեղ սկզբունք կայ, որ բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն մարզի մէջ կը կիրարկուի, որովհետեւ դարերու փորձով հաստատուած ու անառարկելի դարձած է անոր արդիւնաւէտութիւնը:
Այդ սկզբունքը կը թելադրէ, որ մարտի ընթացքին, երբ հզօր ես եւ ունիս յարձակումի հնարաւորութիւն, ճակատագրական սխալ է միեւնոյն վայրի մէջ զինուորներուդ մէկտեղումը, որովհետեւ ատիկա թշնամիի հարուածներուն թիրախ պիտի դարձնէ ուժերուդ ամբողջութիւնը: Ուրեմն, հնարաւորութիւններուդ համեմատ, տարբեր ճակատներ բաց եւ անոնց վրայ մղէ կռիւդ: Բայց եթէ պատահի, որ ճակատներուն վրայ արձանագրուած անյաջողութիւնները անխուսափելի դարձնեն նահանջը, այդ պարագային պարտադրանք է այլեւս բոլոր ուժերու կեդրոնացումը` վերապրումի ինքնապաշտպանութիւնը ամրացնելու համար: Ահա թէ ինչո՛ւ հին քաղաքները պարիսպներու ետին ունէին նաեւ միջնաբերդ:
Ռազմավարական այս մեթոտը կը կիրարկուի որքան պատերազմի, նոյնքան եւ ընկերային ու հասարակական կեանքի ամէն բնագաւառի մէջ: Նաեւ` շուկայական յարաբերութեանց ընթացքին: Իսկ մենք կը շարունակենք հակառակ ընթացքը` բոլոր ճակատներու վրայ:
Ռազմավարական այս սկզբունքը ի զօրու է նաեւ հայակրթութեան համար, երբ մանաւանդ շեշտուած կերպով կը զգացուի անոր անարգել նահանջը:
Հին տարիներուն, երթեւեկութեան դժուարութիւնը եւ նիւթականի չգոյութիւնը անկարելի կը դարձնէին ընդարձակ ու յարմարաւէտ վարժարանական կառոյցի հնարաւորութիւնը, բայց եւ այնպէս հայահոծ շրջաններ պէտքը ունէին հայկական դպրոցի: Երեխաներու թիւը յարաբերաբար մեծ էր, որով կարելի չէ բաղդատել այսօրուան թիւին հետ: Փոխադրութեան միջոց չկար: Պահն ու կացութիւնը կը թելադրէին, որ դպրոցը գործէ ու կրթական ճակատ բացուի հոն, ուր հայախումբ կեանք կար: Եւ անկէ ալ` «թաղային դպրոց»-ի իմացումը :
Իսկ հիմա՞…
Հայախումբ կեանքը շատոնց տեղի տուած է ցրուածութեան: Թաղային դպրոցի հանգամանքն ու իմացութիւնը չքացած է վաղուց: Իսկ աշակերտներու հանրագումարը նուազած է այն աստիճան, որ յաճախ 5-6-7 աշակերտներով դասարաններ կը կազմուին, որոնց մէջ դժուար է ստեղծել հաւաքական աշխատանքի մթնոլորտն ու անհրաժեշտ որակը, ինչ որ կարեւոր է կրթական գործը արդիւնաւորելու համար:
Գիտենք, որ պիտի գտնուին մարդիկ (կարծրատիպեր) , որոնք յառաջագունէ պիտի վանեն վարժարաններու միացման գաղափարը` անիկա համարելով մեր իրականութիւնը չճանչցողի մը կողմէ միամտօրէն ներկայացուած անիրագործելի առաջարկ:
Այդպիսիները մեր իրականութիւնը «լաւ ճանչցողի» իրենց հանգամանքով թող մէյ մը յստակացնեն, թէ գործնական կամ իտէալական , տրամաբանական կամ մտացածին ի՞նչ տուեալներով ու հեռանկարով կ’արդարանայ.-
ա.- Ներկայի երթեւեկութեան դիւրացած պայմաններու տակ, գոյութիւնը 4 մանկապարտէզներու (որոնցմէ երկուքը գրեթէ իրարու կպած), 3 նախակրթարաններու ու միջնակարգի մը, որոնք կը գործեն իրարմէ հեռու հազիւ 6-8 քիլոմեթր շառաւիղի մը վրայ, ընդամէնը
300-350-ը չգերազանցող աշակերտներու թիւով: Երբ անոնց ամբողջը կարելի է ընդունիլ ու հանգիստ տեղաւորել երկու հաստատութիւններու մէջ:
բ.- Երբ կ’ապրինք պիւտճէական գրեթէ անյաղթահարելի դժուարութիւններ եւ գիտենք, որ այդ դժուարութիւնները հետզետէ աւելի սուր հանգամանք պիտի ստանան եւ ոչ թէ պիտի մեղմանան` բոլոր քաղաքացիներուն ու կողմերուն համար: Որով ծախսերու կրճատումը դարձած է հրամայական:
գ.- Երբ կը հաստատենք, որ կոչումով ու պատրաստութեամբ եւ ինքնամշակումի հետամուտ նուիրեալ ուսուցիչները նուազած են ու հետզհետէ կը չքանան, որուն պատճառով ալ քիչ մը ամէն տեղ պատահականութեան մատնուած է հայակրթութիւնը: Կեդրոնացումը բնականաբար կը բերէ նաեւ որակի կեդրոնացում:
Ըսուածները նորութիւն չեն անշուշտ: Այս մասին կը խօսուէր նախապէս, յաճախ կը խօսուի նաեւ այսօր, բայց` ցած ձայնով: Ժամանակն է, որ բարձրաձայնուի, որովհետեւ վտանգը հասած է դրան եւ մենք վճռած ենք «երբեք չգոցել դուռը…»:
Ուրիշ շատերու պէս մենք ալ կ’անդրադառնանք, որ այս գաղափարին իրագործումը, նոյնիսկ անոր հետապնդումը յօդուած գրել-մրոտելու պէս դիւրին պիտի չըլլայ երբեք: Կրկին պիտի ցցուին կարծր գլուխներ: Բայց պէտք է ջանալ`յամառօրէն ու վճռական, որպէս զի չխարխլին դռները, որպէսզի «երբեք չգոցուի դուռը»…
Կայ նաեւ ընելիք դռնէն ներս: Բայց այս մասին` յաջորդիւ:
Աթէնք

