Ալիեւի` Հունգարիոյ Կատարած Խոստումը Կը Սկսի Գործադրուիլ . Ազրպէյճան-Հունգարիա Աղտոտ Համաձայնութեան Ծալքերը Կը Սկսին Բացատրուիլ

Ազրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Շահին Մուսաթաֆայեւի գլխաւորութեամբ ազրպէյճանցի գործարարներու պատուիրակութիւն մը հոկտեմբերին Հունգարիա կ՛երթայ:

Ըստ «Թրենտ Նիուզ» ազրպէյճանական գործակալութեան, պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի հունգար-ազրպէյճանական գործարարական ֆորումին, որ կազմակերպուած է ազերիական AZPROMO-ին կողմէ: Ինչպէս ծանօթ է, մարդասպան Սաֆարովի յանձնումին առթիւ շրջեցան նաեւ այն մասին լուրեր, ըստ որոնց, Ազրպէյճան Հունգարիոյ շուրջ 2-3 միլիառ տոլար պետական պարտքի «գնում»-ի խոստում կատարած էր: Որոշ փորձագէտներ այդ լուրերուն նկատմամբ վերապահ էին եւ չէին հաւատար, թէ Ալիեւ կը յարգէ այդ խոստումը, բայց, ըստ երեւոյթին, արդէն ան կը սկսի տալ իր պտուղները…

Share this Article
CATEGORIES