«Կարծիքովս, 2 Հոկտեմբերին Ամբողջութեամբ Պատրաստ Կ՛ըլլամ Մրցումներու Մասնակցելու» Կ՛ըսէ Մանուչարեան

ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջին թղթակիցը նախորդ շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եքաթերինպուրկի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեանի հետ:

Մանուչարեան ընդհանրապէս խօսած է ստացած վնասուածքէն ետք իր ապաքինման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կատարած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասին:

Ստորեւ այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«Արդէն իսկ երկու օրէ ի վեր կը մարզուիմ ակումբիս հետ: Կը կարծեմ, որ 2 հոկտեմբերին ամբողջութեամբ պատրաստ կ՛ըլլամ մրցումներու մասնակցելու: Եթէ վերոնշեալ թուականին դաշտ ներկայացուց, ուրեմն կը կարծեմ, որ Իտալիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին կրնամ մասնակցիլ:

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կատարած 2014-ի Մոնտիալի զտումի երկու մրցումներուն կու գամ ըսելու, որ թէեւ այժմ երկու մրցումէ ապահոված ենք միայն երեք կէտ, սակայն այժմէն իսկ պէտք չէ քննադատել կամ մեղադրել մեր հաւաքականը: Այդ երկու մրցումներուն ալ, մեր մարզիկները փորձեցին իրենց առաւելագոյնը տալ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մեր համակիրները մեր խումբին հաւատան: Քննադատելէ աւելի, պէտք է զօրավիգ կանգնին մեզի:

«Յոյսով եմ, որ Իտալիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, մեր կիրարկելիք խաղաոճը եւ կատարած ներկայացումը մեզի մոռցնել կու տան Պուլկարիայէն մեր կրած պարտութիւնը:

«Իտալիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին մնացած են հազիւ մատներու վրայ համրուող օրեր: Մեր համակիրները, որոնք անկասկած պիտի լեցնեն թրիպիւնները, պէտք է իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն մեր հաւաքականին: Կը հաւատանք ատոր եւ յոյսով ենք, որ բացառիկ արդիւնք կ՛արձանագրենք Իտալիոյ դէմ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES