Վազգէն Մելիքեան Պիտի Փորձէ Իր Անունը Արձանագրել Մրցանիշներու «Կինես» Գիրքին Մէջ
Լիբանանահայ նախկին հեծելանւորդ Վազգէն Մելիքեան, որ անցեալին հինգ անգամ հանդիսացած է Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեան, յառաջիկայ կիրակի, 7 հոկտեմբերին պիտի փորձէ իր անունը արձանագրել մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ` իր հեծանիւովը քարշ տալով 600 քկ կշռող 4×4 ինքնաշարժ մը:
Ան իր այս փորձը պիտի կատարէ Մարինայի մէջ (Տըպպայէ)` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար ֆայսալ Քարամէի:
Մելիքեան իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որ այդ ինքնաշարժը իր հեծանիւով քարշ տալ կարենայ 800 մեթր, որպէսզի կարենայ մուտք գործել «Կինես»-ի գիրքին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

