«Նայքի»-ի Կազմակերպած 5 Քմ Վազքի Մրցումին 6714 Վազողներ Մասնակցեցան «Վազէ Պէյրութ»-ին

Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի կիրակի, 30 սեպտեմբերին, «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (կեդրոնական Պէյրութ) տեղի ունեցաւ 5 քմ վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ 6714 երկսեռ վազողներու (տարբեր վարժարաններէ եւ ակումբներէ):

Տղոց 50 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ Մանուէլ Իզմիրլեան հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 20′ 50″ արդիւնք մը:

Նոյն դասակարգին, սակայն աղջկանց մրցումներուն, առաջին հանդիսացաւ Պարպարա Աղաճանեան, որ արձանագրեց 28′ 47″ արդիւնք մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES