Հենրիխ Մխիթարեան Հրաւիրուած Է Հայաստանի Հաւաքական
Իր լուրը քաղելով ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի պաշտօնական կայքէջէն, ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հրաւէր ստացած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` ազգային հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերելու համար յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին Իտալիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:
Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Հայաստանի ժամանակացոյցով:
CATEGORIES Մարզական

