ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ Լեւոն Արոնեան Կը Մնայ Երկրորդ

Երէկ` երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012-ին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց աշխարհի ճատրակի նոր ընդհանուր դասաւորումը, որուն մէջ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2821 կէտով կը մնայ երկրորդ դիրքին վրայ: Ան միայն 22 կէտով ետ կը մնայ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընէն:

Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ռուս Վլատիմիր Քրամնիք (2795 կէտ):

Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Վլատիմիր Յակոբեան, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2703 կէտ, բարձրացաւ 47-րդ դիրք: Սերկէյ Մովսիսեան, որ ունի 2699 կէտ, նահանջեց 52-րդ դիրք: Գաբրիէլ Սարգսեան 2692 կէտով կը գտնուի 56-րդ դիրքին վրայ, մինչ 2012-ի Հայաստանի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան 2659 կէտով կը գրաւէ 97-րդ դիրքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES