Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Ջախջախիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ գտնուող Ա. հանգրուանի մրցումները:
Նըժմէ ջախջախիչ յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը` երբ 7-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շապապ Ղազիէն (կիսախաղ` 4-0):
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հասան Մոհամետ նշանակեց 4 կոլ:
Թրիփոլիի մէջ Անսար չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել եւ 1-1 արդիւնքով բաժնուեցաւ հիւրընկալ խումբէն` Թրիփոլիէն:
Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Ախա Ահլի Ալէյ – Սաֆա 1-0
Ահտ – Իժթիմահի 2-1
Թատամոն Սուր – Սալամ Սուր 3-1
Շապապ Ղազիէ – Նըժմէ 1-7
Շապապ Սահել – Ռասինկ 1-0
Թրիփոլի – Անսար 1-1
CATEGORIES Մարզական

