«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Թէլ Ապիատի Եւ Այն Արուսի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թէլ Ապիատի հայոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին

Մեծ Եղեռնէն եւ Ուրֆայի վերջնական պարպումէն ետք, 1923-ին, ուրֆացի եւ կարմուճցի ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին հիւսիսային ճեզիրէի մէջ, Խարանի դաշտին մէջ գտնուող Թէլ Ապիատի եւ Այն Արուսի մէջ:

Ճեզիրէի լայնատարած դաշտերուն մէջ, քրտական գիւղերով շրջապատուած Թէլ Ապիատ ամայի եւ անմարդաբնակ գօտի էր, ուր բնակութիւն հաստատեցին մօտաւորապէս  հինգ հարիւր տուն ուրֆացիներ եւ կարմուճցիներ: Թէլ Ապիատ արագօրէն շէնցաւ ու բարգաւաճեցաւ: Յաջորդող տարիներուն գացին եւ հոն բնակութիւն հաստատեցին նաեւ ուրֆացի այլ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ մարտինցի արաբախօս հայեր: Ուրֆայէն գաղթական մօտաւորապէս յիսուն տուն ասորիներ եւս հոն կեդրոնացան: Շրջակայ քրտական եւ արաբական ցեղախումբերէ ընտանիքներ եւս կեդրոնացան հոն: Բացուեցան շուկաներ, որոնցմէ մէկը ծանօթ դարձաւ իբրեւ Ասորիներու շուկայ, միւսը` իբրեւ Փոքր շուկայ:

Թէլ Ապիատի մէջ բնակութիւն հաստատող հայերը կալուածներ գնեցին եւ գլխաւորաբար ցորենի ու գարիի մշակութեան ձեռնարկեցին, ոմանք ալ պարտէզներ մշակեցին: Կարգ մը ընտանիքներ ալ երկրագործութեան կողքին, անասնապահութեան եւ գլխաւորաբար ոչխարաբուծութեան ձեռնարկեցին: Զարգացան նաեւ արհեստները:

Թէլ Ապիատէն քիչ մը հեռու կը գտնուի Այն Արուսի լճակը: Լճակէն բխող ջուրը Պլըխ կը կոչուի. անիկա կ՛երկարի մինչեւ Ռագգա եւ Եփրատի մէջ կը թափի: Այն Արուսէն մինչեւ Ռագգա երկարող այս ճամբուն վրայ, Պլըխի  ափերուն գտնուող ջաղացքներն ու հողերը գաղթականութենէն առաջ ուրֆացիներուն կը պատկանէին:

Այն Արուս անուանի է իր  ընտիր ձուկերով, որոնք սակայն արգիլուած է որսալ, որովհետեւ լճակը կապուած է Հայր Աբրահամի անունին եւ սուրբ կը նկատուի: Լճակէն քիչ մը հեռու կը գտնուի Համամ Ալիի հանքային ջուրը:

Մեծ Եղեռնէն վերապրած ուրֆացի եւ կարմուճցի քառասուն ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին Այն Արուսի մէջ. անոնց միացան քիլիսցի մէկ եւ տիգրանակերտցի երկու ընտանիքներ: Անոնք կալուածներ գնեցին եւ երկրագործական աշխատանքի լծուեցան. կային նաեւ ջաղացպաններ եւ խանութպաններ:

«Ազդակ»ի աշխատակից Արմէն Աճէմեան յատուկ թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ Թէլ Ապիատի եւ Այն Արուսի հայութեան մասին: 27 մայիս եւ 3 յուլիս 1937-ի թիւերով «Ազդակ» կը գրէր.

«Արաբ-Փունարէն ճամբայ կ՛ելլեմ անցնելով Միջագետք-Հայոցի մայրաքաղաք Եդեսիոյ ճիշդ հարաւէն: Ու, հինաւուրց եւ հերոսական Եդեսիան կամ Ուրֆան` շատ հեռու չէ իմ եղած տեղէս: Հազիւ մէկ ժամուան ճանապարհ:

– Դուք բախտաւոր էք, որ թէպէտ տարագիր, բայց եւ այնպէս ձեր սիրելի ծննդավայրին շատ մօտիկը կ՛ապրիք: Այս խօսքերը կ՛ըսէի Արաբ-Փունարի եդեսիացիներուն:

– Աւելի լաւ է ծնողքէ մը շատ  հեռու ապրիլ` քան մօտը, առանց զայն կարենալ տեսնելու, վայելելու: Կը պատասխանէին անոնք ինծի` արտասուալի աչքերով:

Ի՜նչ գեղեցիկ է գիշերը Արաբ-Փունարի, որ այնքան ալ հեռու չէ իմ մեծ Հայրենիքիս սահմաններէն:

Արաբ-Փունարէն մինչեւ Թէլ-Ապիատ, ինքնաշարժով կրնաք հասնիլ մէկուկէս-երկու ժամէն: Ձեր ճամբուն վրայ ոչ մէկ լեռ կամ անտառ, ոչ մէկ պարտէզ կամ ծառաստան: Տեղ-տեղ հողաբլուրներ, արուեստական բլրակներ, ովասիսներ եւ անապատ: Կիզիչ արեգակ: Խորշակ:

Թէլ Ապիատի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ներքնամասը

Մեր ճամբուն վրայ մենք կը տեսնենք Թէլ-Հաճըպ, Արսլան-Թաշ, Պօզան Բէգի գիւղը, Խարապնազ, Քօրան, Պաղտիկ, Խանէ-Պանտրա, Սար-Զօրի, Քէօփրիլիք, Պիր-Գանտալ, Թըլ-Խատար, Թէրի, Պոզթէպ եւ Այն-Փըթ գիւղերն ու գիւղակը, մեծ մասամբ քրտաբնակ: Այս գիւղերուն մէջ հայ չկայ, բացի՛ Խարապնազէն, ուր երկու տուն (Կարմուճ գիւղէն) հայ կայ: Այս գիւղերը շինուած են կոնաձեւ, աղիւսով: Բնակիչներէն` տղամարդիկ, արաբական, իսկ կանայք` քրտական տարազ կը հագնին: Ու այս գիւղերուն մէջ եւս քիւրտ կանանց, երիտասարդ աղջիկներու գեղեցկութիւնը աչքի կը զարնէ: Իսկ տղամարդոց արու նայուածքը, առնական ընտիր կազմը` տպաւորող է խորապէս:

Բամպակի, ծխախոտի, եգիպտացորենի, խաղողի, կանեփի, ցորենի ու գարիի մշակութիւնը` այս գիւղերուն մէջ, բաւական լայն տեղ կը գրաւէ: Մասանաւորաբար Խարապնազ գիւղին մէջ կանեփամշակութիւնը շատ յառաջ գացած է: Այս գիւղերը կը պահեն նաեւ յոգնաքանակ հօտ ու նախիրներ: Ընտիր են այս կողմի գիւղերուն երիվարները: Նշանաւոր են նաեւ այս տեղի շուները` որոնք մեծ մասամբ առիւծաձեւ կամ առիւծանման են: Կան շուներ ալ, որ ուղղակի վագրի կը նմանին: Այս շուները խիստ կատաղի, վայրի եւ յարձակող են: Եթէ ձգեն, ձեր արագ սուրացող ինքնաշարժին հետ երկար ատեն կը վազեն: Շատ անգամ ալ ձեր վրայ յարձակելու յանդգնութիւնը կ՛ունենան անոնք: Հին ասորա-բաբելական, կամ խարրի-միտանիներուն հարթաքանդակներու որսի շուները այս քրտաբնակ գիւղերու շուներուն հետ բաղդատեցէ՛ք: Կատարեա՛լ նմանութիւն:

Եփրատէն մինչեւ Քիւլ-Թէփէ, Թէլ-Ապիատ, ուղղակի քրտական աշխարհ է: Նոյն իսկ աւելին: Մինչեւ Րաս-Իւլ-Այն, Քամիշլի, մինչեւ Մուսուլ, քրտական հոծ բնակչութիւն կայ: Այս շրջաններուն մէջ կան բազմաթիւ քիւրտ աշիրէթներ, որոնցմէ մէկ քանին ահաւասի՛կ: Գետկանցիք, Ալէյտին-Մաաֆ, Շէխանցիք, Բըժանցիք, Շատատի, Զրուարի, եւ Իպրահիմ փաշայի տղոց աշիրէթները: Այս տեղերու (Ճէզիրէ) քիւրտերն ու արաբները (տղամարդիկ), կանանց նման, գլխու մազերը երկա՜ր կը ձգեն մինչեւ ուսերը, ինչպէս հնադարեան իշխաններն ու նախարարները հայոց աշխարհի: Եփրատէն մինչեւ Թէլ-Ապիատ, պէտք է ըսել, որ քիւրտերու մօտ կան բազմաթիւ, բազմաթի՛ւ հայ աղջիկներ, կիներ եւ երիտասարդ տղաք: Անոնցմէ շատեր գիտեն հայերէն, անո՛ւնը իրենց ու իրե՛նց ծննդավայրին: Շատեր ալ բոլորովին մոռցած են անուննին ու իրենց մայրենի բարբառը: Կիներէն շատեր արդէն բազմաթիւ զաւակներու տէր են դարձեր:

Թէլ Ապիատ

Արեւը տակաւ մար էր մտել, երբոր հասանք Թէլ-Ապիատ: Թէլ-Ապիատ կը նշանակէ Սպիտակ Բլուր: Անիկա դարձեր է հիմա գիւղաքաղաք, որ ասկէ 8 – 10 տարի առաջ գոյութիւն իսկ չունէր: Դուք կը տեսնէք այս ծառերը դալար, պարտէզնե՜րը կանանչ ու պտղաշատ, ծառաստաննե՜րը անտառանման, մրգաստաննե՜րը, բանջարանոցնե՜րը, աղուոր, կոկիկ տունե՛րը, դպրոցն ու նորաշէն եկեղեցի՛ն: Բոլորն ալ հայոց ձեռքով շինուած, յառաջ եկած. Թէլ-Ապիատի ժողովուրդին մէկ շատ կարեւոր մասը հայ է, մօտ 8 հարիւր, առանց դաւանական տարբերութեան: Մեծ մասամբ ուրֆացի: Կան նաեւ ուրֆացի հայախօս ասորիներ: Կան ե՛ւ քիւրտեր, արաբներ: Ասորիները ունին մօտ 40-50 տուն: Թէլ-Ապիատի հայերը` արհեստաւորներ, պարտիզպաններ, հողագործներ, խանութպաններ եւ առեւտրականներ են: Ունին Օգնութեան Խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերը: Ունին Պատանեկան Միութիւն, ազգայնական գաղափարներով տոգորուած ընտիր երիտասարդներ կան այս գիւղաքաղաքին մէջ: Բացի ուրֆացիներէ, Թէլ-Ապիատի մէջ կան նաեւ այլ հայեր Հայաստանի զանազան կողմերէն: Ես տեսայ Սեբաստիոյ Թոբաճ գիւղէն Շիրին (Գեղեցիկ) Զառացեան երիտասարդը, որ ունի ազգականներ արտասահմանի մէջ: Եւ այսպէս շատեր կան: Թէլ-Ապիատի հայոց վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի մինչեւ 120-ը: Եթէ լաւ կազմակերպուած դպրոց ունենան, այս թիւը շատ կը բարձրանայ: Շինած են եկեղեցի մը, որ դեռ չէ ծածկուած: Ունի տէրտէր մը` որ ո՛չ մէկ կարողութիւն ունի ժողովուրդը կազմակերպելու` ազգային, կրօնական եւ բարոյական հիմերու վրայ: Այս կողմերու տէրտէրներէն շատեր, դժբախտաբար, ծանօթ են իրենց անկարողութեամբ եւ արծաթապաշտութեամբ: Շատ անգամ չարիք են քան թէ բարիք` հայ ժողովուրդի օգտին համար: Թէլ-Ապիատի մէջ եթէ լաւ ուսուցիչ եւ քահանայ, նաեւ լաւ կազմակերպութիւն ըլլայ, բոլոր հայախօս ասորիները հայոց վարժարան կը մտնեն: Այստեղ կան շատ մը մարտինցի արաբախօս հայ կաթոլիկներ, բողոքականներ, որոնք ուծացած են ազգային զգացումներէ: Ասոնք կը գործակցին  ասորի, քաղդէացի կաթոլիկներուն հետ, եւ հեռու կը մնան հայութենէն: Տեղւոյն հայ ուսուցչին եւ ազգային կազմակերպութիւններուն վրայ ծանր եւ նուիրական պարտականութիւն կ՛իյնայ զանոնք մօտեցնել հայութեան: Այսպիսի աշխատանք տարուեցաւ Հասիչէի մէջ, եւ դրակա՛ն, առաւելաբար յաջողութեամբ:

Թէլ-Ապիատի գաւառապետը  քիւրտ մըն է` Ճէմիլ բէգ, որ հայասէր է եւ գաղթականութեան  ժամանակ շատ ու շատ հայեր է ազատած: Իր կինը այնթապցի Տէր Կարապետին աղջիկն է, տիկին Մարի՜ ժամանակին, Այնթապի Ազգային վարժարանի ուսուցչուհի է եղած` օրիորդ Մարի անունով: Այս կինը մինչեւ այսօր հպարտութեամբ կը պահէ իր մայրենի լեզուն, հայկական սովորութիւնները: Հայոց եկեղեցի կ՛երթայ, կը հետաքրքրուի հայութեամբ: Իր շնորհիւ ազատուած են բազմաթիւ հայեր: Իր զաւակներուն կու տայ հայկական կրթութիւն, ազգային դաստիարակութիւն:

Թէլ-Ապիատի ֆրանսական թէ սուրիական բարձրաստիճան պաշտօնեաները առհասարակ հայասէր են եւ մեծ դիւրութիւններ կու տան տեղւոյն հայերուն: Այստեղ, հայերը ունին ատամնաբուժ մը` Խորէն Մաղաթեան, ուրֆացի:

Հոս, կան ասորի օրթոտոքսներ եւ ասորի կաթոլիկներ, քաղդէացիներ, որոնք լաւ յարաբերութիւն կը պահեն հայոց հետ:

Թէլ-Ապիատ ունի երկու մեծ եւ լաւ շուկայ: Ասորիներու շուկայ եւ փոքր շուկայ: Կայ երկու փուռ: Արեւելեան ոճով բաղնիք մը: Կայ զինուորական հիւանդանոց մը եւ զօրանոց: Կան քանի մը հայ զինուորներ եւս:

Այստեղի ջուրը լաւ չէ: Մալարիա գոյութիւն ունի: Բայց այդ հիւանդութիւնը երթալով կը նուազի: Գիւղաքաղաքը առ հասարակ մաքուր եւ լաւ փողոցներ ունի»:

* * *

Թէլ-Ապիատի շրջակայ դաշտերը

«Արաբերէն Այն-էլ Արուսը, կը թարգմանուի հայերէն Հարսնաղբիւր: Ի՛նչ գեղեցիկ անո՛ւն: Այս գիւղը, Թէլ-Ապիատէն հազիւ 20 վայրկեան հեռու է, ոտքով: Բլուրի մը վրայ, տափաստաններով, բաց դաշտերով շրջապատուած սիրահայեաց գիւղ մըն է: Ունի առողջարար օդ, անուշ ու պաղորակ ակեր, աղբիւրներ: Պալըգ, կամ Պիլիխ գետակին ակերը այս գիւղին ստորոտէն է, որ ծագում կ՛առնեն: 40-է աւելի իր զմայլելի ակերը կը միանան ու մեծկակ աւազան մը, կամ լճակ մը կը ձեւացնեն, եւ Պիլիխ գետակը կը կազմեն: Այս գետակը կ՛երթայ ու Րաքքայի մօտ կը միանայ մայր Եփրատի: Լճակը շրջապատուած է դալար ծառերով` սօսի, բարտի, ուռի: Ունի հրաշալի տեսարան: Նշանաւոր է լճակին ձուկը: Մինչեւ մարդու հասակով ձուկեր որսացեր են հոնկէ: Անուանի է նաեւ այս լճակին ծաղիկը, որ Այն-Էլ-Արուսի ծաղիկ կը կոչուի: Այս ծաղիկը գեղեցիկ եւ ոսկեգոյն է եւ կաթ չունեցող հարսերը զայն կ՛ուտեն յատկապէս կաթ ունենալու` իրենց մանկիկներուն համար: Ահա՛, ասոր համար է, որ լճակին ջուրը կոչուած է Հարսնաղբիւր, հարսի՜ աղբիւր:

Երկու բլուրներ` որոնց մէկուն վրայ գի՛ւղն է, իսկ միւսին վրայ ալ զօրանո՛ցը, իր խիտ ու դալար ծառերով, մրգաստաններով եւ բանջարանոցներով:

Ի՜նչ աղուոր ու անո՜յշ է նստիլ այս լճի ափին, անոր դալարաշատ ծառերու շուքին, ամառ ժամանակ, օրհասակին, ու երազե՜լ: Այս լճակին մօտ կայ նաեւ ջերմուկ մը:

Այն-էլ Արուսի (Հարսնաղբիւր) լճակին ափին, ու անոր ծառաստանին ճիշդ ծոցն է, որ շիներ են բազում տարիներ, դարեր առաջ Հայր Աբրահամի` այսպէս ըսենք մատուռ-գերեզմանը (կապր): Խալիլ-Ալլահին (Աստուծոյ սիրած ծառայ) այդ գերեզման-մատուռի՜ն է, որ ամէն տարի հազարաւոր իսլամներ ու քրիստոնեաներ ուխտի՜ կ՛երթան ջերմեռանդօրէն, նուէրներով, զոհերով, մոմով, խունկով ու աղօթքով: Անոր գերեզմանին վրայ դուք կը տեսնէք դրօշակներ (կրօնական), գոյնզգոյն լաթի կտորուանքներ` իբրեւ յիշատակ:

Հայր Աբրահամ` հրեաներու անուանի նախահայրն է, Նահապե՜տը: Անոր հայրը Թարա կը կոչուէր, եւ սեմական ցեղէ էր: Սեմական ցեղին կը պատկանին նաեւ արաբները, ասորիները, քաղդէացիք: Աբրահամ Միջագետքի Ուր քաղաքը ծնաւ Քրիստոսէ շատ դարեր առաջ: Անիկա գաղթեց իր ծննդավայր քաղաքէն եւ ատեն մը հաստատուեցաւ ներկայ Այն-Էլ-Արուսէն ոչ շատ հեռու Խառան քաղաքը, որ մինչեւ հիմակ ալ կայ: Խառանէն անիկա անցաւ իր կնոջ Սառայի հետ դէպի Հրէաստան կամ խոստացեալ երկիրը: Սառա ամուլ էր: Աբրահամ զաւակ մ՛ունեցաւ իր Հագար անունով հարճէն եւ Իսմայէլ կոչուեցաւ: Մեր հին պատմիչները` իսմայէլացի, կամ հագարացի կ՛անուանեն արաբները:

Աբրահամ եղած է նշանաւորագոյն անձ մը: Հարուստ, առատաձեռն, ուղղամիտ, հիւրասէր: մասնաւորաբար իր պարզ ու անյողդողդ հաւատքով դէպի գերագոյն Արարիչն ու կեանքը: Աբրահամ, վերջը, Սառայէն արու զաւակ մ՛ունեցաւ եւ անունը դրին Սահակ կամ Իսահակ: Յանուն գերագոյն Արարիչի մը հաւատքին, Աբրահամ, Ակամեմնոնի նման, ուզեց զոհել իր որդին, իր սրտահատորը: Աբրահամ, երկար դարեր եւ մինչեւ այսօր պատուուեցաւ ոչ միայն հրեաներէն, այլե՛ւ քրիստոնեաներէն ու մահմետականներէն:

Ու, անիկա կու գայ իր սիրելի Սառային հետ Այն-Էլ-Արուսի սա՛ գեղեցկազեղ լճակին ափը նստիլ, նորահաս ու գեղանի աղջիկներու այնքա՛ն նման այս սօսիներու, ուռիի, բարտիներու, անուշաբոյր փշատիի եւ ձիթենիներու, թթենիի ու նռնենիներու զով անմահական շուքին: Սա վայրին պատկերը ա՛յն է, ինչ որ էր դարեր առաջ Աբրահամ Նահապետի օրերուն: Ու, գրեթէ այնպէս էին մարդոց ու կանանց տարազը, սովորութիւնները, դիմագծերը, աշխատանքի ձեւերը` ինչպէս են այսօր:

Ահա՛, լճա՛կը` որ կանանչ, կապոյտ, մանիշակ եւ ոսկիի գոյներ կ՛առնէ արեւո՜ւն խաղերէն, օրուայ զանազան ժամերուն:

Տեսէք, որպիսի՜ գեղեցիկ պատկերներ ունին լճակին հարսնածաղիկները: Սառա՛ն էր, այդ ամուլ կինը, որ գուցէ առաջին անգամ հաւաքեց այդ ծաղիկներէն ու անոնց հի՛ւթը ծծեց, մա՛յր ըլլալու, կա՛թ ունենալու:

Արշալո՞յս: Լճակին վրայ, ծառե՜րը դալարազարդ, կախեր են քնքշօրէն իրենց աղուոր ու երկայն ծամերը` ինչպէս ծամե՜րը Սառային: այս պահուն գիւղին ու լճակի շրջապատին ընդհանուր տեսարանը հրաշալի եւ ուղղակի բանաստեղծական է:

Ահաւասիկ, նախիր ու հօտ, որոնք կ՛արածին, ու հեռուէն սրինգի մը, արեւելեան սրինգի մը անուշ գեղգեղանքը կը հասնի մեր ականջին…: Կը դիտեմ այս առիւծայաղթ, կորովի ընկերներս ու կը լսեմ շարունակ կրկնուող, երեքնուող անոնց սա՛ խօսքերը. «Ապրի՜նք մե՜ր երկրին մէջ: Ապրի՜նք ու մեռնինք մե՛ր հայրենիքին մէջ»: Ա՜հ մենք կ՛ապրէինք ու կը մեռնէինք մե՛ր հայրենիքին մէջ, 1915-ին, եթէ ամբողջ Թրքահայաստանը` Եդեսիոյ (Ուրֆա) նման ոտքի կանգնէր որպէս մէ՛կ մարդ, մեր դարաւոր, նենգամիտ ոսոխին դիմաց:

Այն-էլ-Արուսի մէջ կայ  40 տուն հայ, բոլորն ալ Եդեսիա-Կարմուճցի: Մէկ ընտանիք Քիլիսէն եւ երկու ընտանիք ալ Տիգրանակերտէն են: Ունին դպրոցի շէնք եւ մատուռ մը: Վարժարանը ունի մօտ 100 աշակերտ, երկսեռ: Հոս, 15-20-ի չափ հայ զինուորներ կան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )