Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Աշխարհը Գիտէ, Թէ Ի՛նչ Պատահեցաւ 1915-ին
Ատոմ Էկոյեանի ժապաւէններէն կը ճանչնանք դերասանուհի կինը` Արսինէ Խանճեանը, որ Թուրքիա կը գտնուէր: Խանճեանին հետ խօսեցանք կեանքը սփիւռքի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ «Արարատ» ժապաւէնին մասին:
«Անատոլու մշակոյթ»-ն ու Երեւանի մէջ գտնուող «Սիվիլիթաս»-ը ասուլիս մը կազմակերպած էին «Լեռ բարձրանալ» անուան տակ: Առաջին հիւրերն էին փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն ու դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը: Մին թրքահպատակ, միւսը քանատահպատակ երկու հայ կիներու անձնական պատմութիւնները լսեցինք սեպտեմբեր 6-ին: Նախքան ասուլիսին սկսիլը` «Ֆեթհիյէին հետ լալը մեր հասարակաց լեզուն է» ըսած էր Խանճեան: Եւ ասուլիսի աւարտին երկուքն ալ կու լային: Որովհետեւ միեւնոյն օրը Խանճեանին ծննդեան օրն էր, եւ երբ ունկնդիրները անակնկալօրէն սկսան երգել «Ծնունդդ շնորհաւոր ըլլայ», Արսինէին աչքերը լեցուեցան: Ողջագուրումի պահերուն եւ կամ երբ Ֆեթհիյէ Չեթին «Մեծ մայրիկս» գիրքին մասին կը պատմէր, անկարելի կ՛ըլլար զսպել արցունքները. մղուող բոլոր այս բանավէճերուն մէջ անգամ մը եւս կը փաստուէր զիրար գրկելու անհրաժեշտութիւնը` ցաւերը բաժնեկցելու մէջ:
Արսինէ Խանճեան կը հաստատէ, որ` «Աշխարհի մէջ ուր որ ազգայնապաշտ յարձակում մը գործադրուի, զինք կը մտահոգէ», եւ ես կը մտածեմ, որ լա՛ւ որ ան Թուրքիա եկած է: Եթէ հաշուի չառնենք Կարսէն մուտք գործելով` Արարատ մագլցիլը, ասիկա իր առաջին այցն է Թուրքիա, եւ դիւրաւ տրուած որոշում մը չէր: Երկար մտածած էր, որ եթէ իր ինքնութեան եւ մասնիկը դարձած պատմութեան մասին ազատօրէն պիտի չկարենար խօսիլ, ապա Թուրքիա իր այցը իմաստ մը պիտի չունենար, եւ կտրականապէս որոշած էր չայցելել: Սակայն Ֆեթհիյէ Չեթինի նման մարդոց գոյութիւնը այս հողերուն վրայ ապացոյց էր, որ գալու, խօսելու, բաժնեկցելու եւ կանխամտածումներ քանդելու ժամանակը եկած էր այլեւս:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Լեռ բարձրանալու»-ն մէջ կը պատմէք Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ միասնաբար կատարած ձեր ճամբորդութեան մասին: Իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ, ինչպիսի՞ տարբերութիւններ կան երկու ճամբորդութիւններուն միջեւ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ մեծ տարբերութիւններ կան. դժբախտաբար Ֆեթհիյէ Չեթին մանուկ տարիքին իր պատմութիւնը սորվելու առանձնաշնորհումը չէ ունեցած ինծի նման. բոլորս գիտենք, որ առանձին ալ չէ: Գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր այս երկրին մէջ ապրող 80 միլիոնը անց մարդիկ կը մերժեն սորվիլ իրենց պատմութիւնը. ասիկա աղէտալի կացութիւն է: Ես, Ֆեթհիյէին նման, ինքնութիւնը սորվելու պատճառով պետութեան կողմէ պատիժի ենթարկուող միջավայրի մը մէջ չմեծցայ. ես տարբեր ցաւեր ունէի. մանկութենէս ի վեր կորսուած ըլլալու տառապանքը ապրեցայ: Մօրս կողմէ կարնեցի, իսկ հօրս կողմէ տիգրանակերտցի էի: Մեծ մայրս Ցեղասպանութենէն փրկուած, սակայն ընտանիքը բնաջնջուած որբ մըն էր, եւ մասնաւորաբար անոնց պատմածներէն սորվեցայ իրականութիւնը` սպանդները, աքսորները… Ես Պէյրութ ծնած եմ: Միջինարեւելեան տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանք տարինք մեր մշակոյթը վերստեղծելու: Հայկական վարժարաններ, եկեղեցիներ գացինք, մկրտուեցանք: Լիբանանի մէջ ազատութիւնը ունէի հայկական պատկանելիութիւնս բացայայտելու: Երբեւիցէ ստիպողութիւնը չեմ ունեցած ինքնութիւնս պահելու: Ոեւէ մէկէն չլսեցի, որ հայ ըլլալը վատ բան է:
Հ.- Ատոմ Էկոյեանի պարագան քիչ մը տարբեր է հաւանաբար. հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ, թէ մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը անցուցած է ձուլուելու հակամէտ շրջապատի մէջ:
Պ.- Որովհետեւ ես մեծցայ հայկական մեծ համայնք ունեցող Լիբանանի մէջ, հայկական ինքնութիւն ունենալու գիտակցութեամբ: Ծնած էի ուրացումին սկիզբ առած մէկ ժամանակահատուածին եւ հասակ առած` միջավայրի մը մէջ, որ պատասխանատուութիւնը ունէր արդարութիւն պահանջելու պատմութենէն: Նոյն բանը ի զօրու չէր իր պարագային. Քանատայի մէջ նման համայնքի մը մէջ չէր գտնուած, խօսած լեզուն անգլերէն էր եւ ոչ` հայերէն: Ատոմին մեծ մայրը եգիպտահայ մըն էր, ամուսնացած էր Ցեղասպանութենէն փրկուած մեծ հօրը հետ: Ատոմին հետ ծանօթանալէ ետք շատ հետաքրքրական էր բաղդատել մեր երկուքին ապրած կեանքերը: Այնպէս` ինչպէս որ է Ֆեթհիյէ Չեթինի պարագան: Ամէն մէկս տարբեր փորձառութիւններ ունի եւ այս բոլորը գիտնալ եւ սորվիլ շատ կարեւոր է նոյնինքն Թուրքիոյ համար: Այս երկրին մէջ մեծ է թիւը անոնց, որոնց պատմութիւնը շատ նման է Ֆեթհիէյ Չեթինի պատմութեան, եւ նոյնպէս մեծ է թիւը անոնց, որոնք հայ ըլլալով հանդերձ, չեն կրնար բացայայտել իրենց ինքնութիւնը` վախի եւ ճնշումներու պատճառով:
Հ.- «Արարատ»-ը տակաւին չներկայացուեցաւ Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ: Ըստ ձեզի, ի՞նչ կ՛ըլլար, եթէ ներկայացուէր:
Պ.- Այսօր իմ Ատոմին եւ հայութեան մեծամասնութեան համար, սփիւռքի մէջ թէ այլուր, բան մը փաստելու մտահոգութիւնը չունինք, որովհետեւ իրականութիւնը գիտցած ըլլալու բացարձակ վստահութիւնը ունինք. եւ այդ իրականութիւնը հետեւեալն է. մարդիկ բռնահանուած են իրենց պատմական հողերէն, բնաջնջուած, իսկ վերջաւորութեան` այս բոլոր տեղի ունեցածներուն ուրացումը: Թուրքիա իր օրակարգին վրայ չի բերեր ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ ժողովրդավարութեան առումով այնքան շատ են խնդիրները: Մինչդեռ, եթէ կարենայ լուծել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, անիկա Թուրքիոյ ներքին տարբեր հարցերուն ալ լուծում պիտի բերէ. Թուրքիան այս հարցը տեւականօրէն կենդանի պահելով` իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պատասխանատուութիւնն ալ կ՛ուրանայ, ինծի համար այսօր էականը հետեւալն է. թերեւս Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նման ցեղասպանութիւն մը տեղի չունենար, սակայն այսօր աւելի մեծ թիւով փոքրամասնութիւններու տէր էք, եւ այնքան շատ են արդարութեան օրինազանցութիւնները, ինչո՞ւ: Եթէ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ այդ ժամանակաշրջանին գործադրուած այս յանցանքը ընդունող միակ երկիրը պիտի չըլլայ: Սակայն Թուրքիան մաս չի կազմեր ասիկա պարկեշտօրէն ընդունող եւ դարմանելու ձգտող երկիրներու շարքին, որովհետեւ ազգայնապաշտութիւնը վնաս կը հասցնէ այս երկրին համակեցութեան եւ միասնականութեան: Այս աստիճան տնտեսական զարգացում ունեցող եւ անհամար բնական հարստութիւններու տէր երկրի մը Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաւանաբար օգնէ անոր ապաքինման եւ նոր դիմագիծ մը ստեղծէ Թուրքիոյ, որովհետեւ աշխարհ գիտէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915-ին, Թուրքիոյ ռազմավարութեան եւ հոն ապրող միլիոններուն ուրացումը կարեւորութիւն չեն ներկայացներ:
Հ.- Ատոմ Էկոյեանին հետ միասնաբար բազմաթիւ ժապաւէններ պատրաստեցինք. վստահաբար «Արարատ»-ը յատուկ տեղ մը ունի անոնց մէջ:
Պ.- Այս ժապաւէնով մեծ պատասխանատուութիւն մը ունէինք աշխարհին առջեւ. «Արարատ»-ը պատրաստուեցաւ` նպատակ ունենալով երկխօսութիւն մը ստեղծել կողմերուն միջեւ եւ ոչ թէ փաստել որոշ բաներ: Կարեւորը միասնաբար բաժնեկցիլն էր ընդհանուր գիտելիքներ: Գիտէինք, որ մեծ էր թիւը անոնց, որոնք հետաքրքրուած չէին այս հարցով, ո՛չ ալ կ՛ուզէին գիտնալ իրականութիւնները, սակայն, անդին, կային նաեւ կշիռ ունեցող քաղաքացիական կազմակերպութիւններ Թուրքիոյ մէջ, որոնց համար կարեւոր էր գիտնալ, թէ «ի՞նչ պատահեցաւ այդ թուականին»: Ժապաւէնի պատրաստութեան մեր բուն նպատակը ահա այս հարցադրումներուն եւ երկխօսութեան մը սկիզբը տալ էր: Սակայն պատը փուլ եկաւ եւ նոյն անմիտ բաներ տակաւին կը շարունակուին. «Ոչ, դո՛ւք մեզ սպաննեցիք», «Ո՛չ, դո՛ւք Ազրպէյճանի մէջ մարդիկ մեռցուցիք», «Հայ ահաբեկիչը թուրք դեսպանը սպաննեց…»: Այո՛, թուրք դեսպանը սպաննեց, լաւ բան մը չէր, հետեւանք էր: Սակայն, եթէ եօթանասուն տարիէ ի վեր ժխտած ես, եթէ հսկայ մութ ուժ մը տարիներով «դուն գոյութիւն չունիս» ըսած է, դիմացինը կ՛աշխատի ուշադրութիւնը ի՛ր վրայ կեդրոնացնել: Շատ կը ցաւիմ, սակայն սպաննուողները որոշ ռազմավարութիւն մը գործադրող երկրի մը խորհրդանիշներն էին: Բնաւ չէի փափաքեր, որ հայ երիտասարդները ասդին-անդին ռումբեր պայթեցնէին եւ իրենց կեանքը անցընէին բանտերու մէջ: Հաւանաբար մտածեցին, որ միակ բանը, որ մնացած էր իրենց, ա՛յդ էր: Ես չեմ արդարացներ այդ յարձակումները. սակայն հարց կու տամ, որ միայն այսպիսի ժխտական արարքո՞վ է, որ հարց մը ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնայ:
Հ.- «Արարատ» ժապաւէնին պատճառով այդ շրջանին սպառնալիքներ ստացաք, այս բաները բնաւ կը վախցնե՞ն ձեզ:
Պ.- Կը մերժեմ վախ զգալ. ասիկա իմ յեղաշրջումս է. չեմ հաւատար, որ վախը զիս կը կասեցնէ, անմիտ գրգռութիւններն ու յայտարարութիւնները չեն կրնար վախցնել, եթէ իրականութիւնը գիտես, պարզապէս չես հաւատար եւ վերջ: Քսան տարի առաջ, երբ կը հանդիպէի մարդոց սփիւռքէն թէ Թուրքիայէն, հետեւեալը կ՛ըսէին` «Գիտենք պատահածները, սակայն չենք կրնար խօսիլ, կը վախնանք»: Ահաւասիկ, սկզբնակէտը չէզոքացնել է այս վախը: Եթէ կ՛ուզենք իրականութիւններու մասին խօսիլ, պարտաւոր ենք միշտ վճարել անոր գինը:
Տինքին Մահափորձը Զարթօնք Մը Եղաւ
Հ.- Կարդացած էի, որ Ատոմ Էկոյեանին յոյսերը Թուրքիոյ հանդէպ աւելցած էին, երբ տեսած էր Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան մասնակցած բազմահազար ժողովուրդը. դուք ալ կը բաժնէ՞ք նոյն գաղափարը:
Պ.- Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ մէջ բաներ մը կը փոխուին: Ամէն բանէ առաջ, Հրանդ Տինք միմիայն հայերու մասին չէր, որ կը խօսէր. այս երկրին մէջ իբրեւ վատ, ստորին բնութագրուած եւ ճնշումի ենթարկուած բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար խօսքի, գոյութեան եւ ինքնութեան ազատութեան անունով կը խօսէր: Մեծ թիւով թուրքեր գիտեն, թէ Հրանդ Տինքի մահափորձը միմիայն հայերու հետ կապուած չէ. կը գիտակցին այս իրողութեան. ի հարկէ, մեզի համար յստակ է, որ ան սպաննուեցաւ մերժումի քաղաքականութեան հանդէպ ունեցած իր գաղափարներուն պատճառով:
Հարկ է նշել նաեւ, որ մեծ թիւով մարդիկ Թուրքիոյ մէջ նկատեցին, թէ իրաւունքները պաշտպանող մարդ մը եւս սպաննուեցաւ: Ժողովրդավար ընկերութեան մը մէջ ամէն անհատ ազատութիւնը պէտք է ունենայ ըսելու` «Կրօնքս ա՛յս է, ինքնութիւնս ա՛յս է»: Այս երկրին հաւատացեալ իսլամներն ալ տարիներ շարունակ մեկուսացուեր են քրիստոնեաներուն նման: Հրանդ Տինք կը պնդէր, որ այս բաները ընդունելի չեն. արթննալու կոչ մըն էր իրը եւ կ՛ենթադրեմ, որ Տինքին մահափորձը զարթօնք մը եղաւ շատ մը թուրքերու համար: Կը յուսամ, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը, հայ կամ ոչ հայ, անհատական պատասխանատուութեամբ թէ ընդհանուր շարժումներով կարողանայ ազատօրէն արտայայտուիլ իր կառավարութեան եւ պետութեան դէմ: Այսօր Ֆեթհիյէին հետ քով-քովի գալու պատճառս այս է. չեմ ուզեր խօսիլ, որ իբրեւ Թուրքիոյ հայրենակից` ինչեր կ՛ապրի, որովհետեւ այս զարգացումները զիս ալ կը հետաքրքրեն:
Ատոմ Էկոյեանին Հետ Ճամբորդութեան Մը Ելած Ենք
Հ.- Գիտեմ, որ յաճախակի ուղղուած հարցումներէն է, սակայն ես ալ պիտի հարցնեմ: Ինչպէ՞ս է աշխատիլ բեմադրիչի մը հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ձեր ամուսինն է:
Պ.- Ես լիբանանէն գալով` Ատոմին հետ ծանօթացայ Քանատայի մէջ: Շատ բախտաւոր էինք, որովհետեւ երկու տարբեր անցեալի տէր երկու հայեր ըլլալով հանդերձ, երկիր մը կը գտնուէինք, ուր անկաշկանդ ձեւով կարելի էր քննարկել եւ խօսիլ տարբեր ձեւի արուեստի զարգացումներու շուրջ: Անշուշտ որ արուեստի աշխարհին մէջ միասնաբար աշխատիլը որոշ դժուարութիւններ կը յարուցէ ուրիշներու հետ գործակցելու ժամանակ, բայց ասիկա մեզ չանհանգստացուց որեւէ ժամանակ: Երջանիկ էինք, որ արժանացած էինք այսպիսի բախտի. հետաքրքրութիւնը երկուքիս տրուած կարեւոր շնորհք մըն էր. երկուքիս համար ալ արուեստը հաւաքականութեան վերաբերեալ հարցադրումներ ընելու արտայայտութեան ձեւ մըն էր: Երբ մեր յաջողութիւնները կ՛ընդհանրանան եւ մարդոց գնահատանքին կ՛արժանանան, աւելի՛ կ՛արժեւորուի անոր կարեւորութիւնը: Օրինակի համար, այսօր, երբ Սուլթանահմեթ մզկիթն էի եւ գլուխս ծածկուած լաչակով, քանատացի կին մը մօտենալով` հարցուց` «Դուք Արսինէ Խանճեանը չէ՞ք»: Զիս ճանչցած ըլլալուն համար պահ մը մտածեցի, որ հայ ըլլալու էր, սակայն չէր: Իրանցի ամուսինին հետ այցի եկեր էին Պոլիս: «Ձեզ շատ կը սիրենք, որովհետեւ մե՛ր անունով, մեզի համար կը խօսիք», ըսաւ:
Արուեստագէտի մը համար չկայ աւելի կարեւոր բան, քան` մարդոց հասանելի ըլլալ: Ատոմ Էկոյեանին հետ ճամբորդութեան մը ելած ենք. ասիկա մեզի տրուած պարգեւ մըն է, եւ պիտի շարունակենք այս ճամբորդութիւնը` յանուն հաւաքականութեան:
ՊԵՐՐԻՆ ԳԱՐԱԳԱՇ
«Ռատիքալ»
Հայացուց Գ. Կ.
10/9/12

