Հայկական Եկեղեցի Մը Եւս` Փլուզման Եզրին
Նախապէս հայաբնակ Թուրքիոյ Անաքէօյ (Խուրիթիս) գիւղի եկեղեցին կանգնած է փլուզուելու վտանգի եզրին: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս»-ը:
Նախապէս կրթութիւն ջամբող պատմական եկեղեցին, որ կը գտնուի Վանի նահանգի Կեւաշ գաւառէն 83 քմ հեռաւորութեան վրայ, այժմ վերածուած է ախոռի:
1915-էն ետք դատարկուած գիւղին մէջ հաստատուած են Պահչեսարայէն, Ճիզրէն եւ Էրուհէն գաղթած քիւրտեր: Այժմ այնտեղ կ՛ապրի ընդամէնը 26 ընտանիք:
1994-ի ռազմական բախումներու ընթացքին գիւղը ամբողջութեամբ այրած է. վնասուած են տուներ, ախոռներ եւ հայերուն պատկանող պատմական կառոյցներ:
Անուշադրութեան մատնուած կոթողներուն մեծ մասը աւերուած է, իսկ միւս մասը գիւղացիներուն կողմէ կ՛օգտագործուի իբրեւ խոտի պահեստ կամ անասունները պահելու վայր: Եկեղեցւոյ մեծ մասը արդէն աւերուած է:
Պահպանուած են միայն եկեղեցւոյ հայկական ծագման մասին վկայող որոշ քարեր` հայատառ գրութիւններով: Կան նաեւ ժամանակի հոգեւորականներուն պատկանող գերեզմանները: